Լիբանանեան ղեկավար պաշտօնական թէ ժողովրդային շրջանակներ իրենց քայլերը ուղղած են երեք տարբեր թիրախներու վրայ` իւրաքանչիւրը ի՛ր ոճով:
Քաղաքական-տնտեսական առումով այսօր հարաւի Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ բացումը կը կատարուի Լիբանանի ջրային սահմանագիծի ճշդման բանակցութեանց, որոնք, ի տարբերութիւն Ծոցի կարգ մը արաբական երկիրներուն, չեն առնչուիր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներու: Փաստօրէն, այս քայլը իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ Իսրայէլի հետ բանակցային նման հանդիպումներ կայացած են առաջին անգամ նախկին նախագահներէն Պշարա Խուրիի օրով, 1948-ի զինադադարին գծով: Երկրորդ «հանդիպում»-ը կայացած է 17 մայիս 1983-ին, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի օրով (որուն արդիւնքը սակայն հետագային չեղեալ հռչակուեցաւ): Երրորդը` նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի օրով 2000 թուականին, Կապոյտ գիծի սահմանագծումին առիթով: Արդ, նախագահ զօր. Միշել Աունի օրով ամերիկեան միջամտութեամբ եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Իսրայէլի հետ այս չորրորդ «բանակցութիւնը» կու գայ քաղաքականէ անդին տնտեսական հեռանկարներով` տրուած ըլլալով, որ անիկա Լիբանանի նաւթարդիւնաբերութեան «գանձ»-ի բացայայտման նախաքայլը կը նկատուի:
Քաղաքական իմաստով հայեացքները կեդրոնացած են նոր կառավարութեան կազմութեան յոյսերուն վրայ: Արդարեւ, երկար ատենէ սպասուած կառավարութեան կազմութեան գծով նախապատրաստական ճիգերը կը շարունակուին նաեւ այսօր` երէկուան խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ: Փաստօրէն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ինքնակամ թեկնածութեան լոյսին տակ խորհրդակցութիւնները աշխուժօրէն վերսկսան` շօշափելու համար իւրաքանչիւր կողմի «բազկերակը»: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս գծով կազմած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այսօր պիտի տեսակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Այսօրուան հանդիպումները կրնան վճռել Հարիրիի թեկնածութեան յաջողութիւնը կամ յետս կոչումը:
Փաստօրէն, երէկ ուշ երեկոյեան դրական նշաններ պարզուեցան Հարիրի-Ժոմպլաթ տեսակցութեան գծով, յատկապէս որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը երկուշաբթի գիշեր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մերժած էր ընդունիլ Հարիրիի «բանագնացները»: Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պարագային երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ 13 հոկտեմբեր 1990-ի 30-ամեակին առիթով իր խօսքին մէջ բուռն կերպով քննադատած էր Հարիրին` նշելով, որ ան որ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն կ՛ուզէ կազմել, նախ ի՛նք պէտք է մասնագէտ ըլլայ: «Տեղեակ չէինք, թէ Ֆրանսայի նախագահը բարձր ներկայացուցիչ մը նշանակած էր, որ ձեռնարկէ կողմերու հետ խորհրդակցութեանց նիստերուն», ըսած էր Պասիլ: Տարբեր չէ նաեւ Հըզպալլայի կեցուածքը, գէթ անոր բանբեր` «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի կեցուածքներէն մեկնելով: Այս գծով կարեւոր դեր կը սպասուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ կրնայ դրական «կամրջումով» մերձեցնել Հըզպալլա-Մուսթաքպալ տեսակէտները:
Երրորդ եւ նոյնքան կարեւոր կիզակէտը կը նկատուի ժողովրդային մարզը, ուր քաղաքացիք իրենց բողոքի եւ ցասումի ելոյթներով, ցոյցերով եւ անիւներու հրկիզումով իրենց «բազկերակին զարկ»-ը կ՛ուզեն փոխանցել վարչապետի պաշտօնին թեկնածու նկատուող Սաատ Հարիրիին եւ յիշեցնել անոր ժողովուրդին հրատապ պահանջները, որոնք կը սկսին ապրուստի եւ ընկերային պահանջներով ու կը միտին յանգիլ երկրի քաղաքական վարչաձեւի փոփոխութեան տարազներու: