Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ մեկնեցան Իրաք:
Անոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՄԱԿ-ի Սնունդի եւ երկրագործութեան միջազգային կազմակերպութեան 36-րդ շրջանային խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաղտատի մէջ:
Միջազգային այս խորհրդաժողովին կայացումը Պաղտատի մէջ կու գայ հաստատելու, որ արաբական եւ միջազգային առումով Իրաքի դերակատարութեան վերստանձնումին նկատմամբ միջազգային ճանաչում գոյութիւն ունի:
Խորհրդաժողովին Պուչիքեան եւ Հաժ Հասան իրենց ներկայացնելիք յստակ ծրագիրին ընդմէջէն պիտի ընդգծեն սննդեղէնի եւ երկրագործութեան ճարտարարուեստի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան խորհրդաժողովին մասնակցող այլ նախարարներու հետ` քննարկելու համար Լիբանանի հետ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն շուկաները իրարու դիմաց բանալու հեռանկարները` ամրապնդելու համար տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները:
ՄԻՒՍ կողմէ, նախագահութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, երէկ Ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին «Նապու» թանգարանին կողմէ 337 սեպագիր արձանագրութիւններ յանձնուեցան Իրաքի պետութեան, որ ներկայացուած էր Տիյա Մուսաուիի անձին ընդմէջէն: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարաք: