26 մայիսի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Նալբանդեան իր կողմէ կատարուած զեկուցական մը ներկայացնելէ ետք պատասխանեց լիբանանահայութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցումներու:
Աւարտելով Լիբանան այցելութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը ուղղուեցաւ Դամասկոս: