ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՆԱԹՕ-ի յատուկ նշանակութիւն ունեցող գործողութիւններու հրամանատարութեան ղեկավար, փոխծովակալ Քոլին Քիլրէինը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ուսումնավարժական եւ փորձառութեան փոխանակման ոլորտին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու եւ ՆԱԹՕ-ի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին փոխծովակալ Քիլրէին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներու հետ: