ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ինչպէ՛ս նկարագրել հայոց մայրենին: «Գեղեցիկ» է ան, «նկարէն», «սիրուն» ու «զարդարուն»… Իսկ մեր լեզուն ե՞րբ դարձաւ «նախշազարդ», «նախշաւոր» կամ «նախշուն»: Այս շաբաթ, յարգելի ընթերցող, երբ հայրենիքի մէջ բնակութիւն գտած հադրութցիներու նախաձեռնութեամբ «Նախշուն Հադրութ» փառատօնային միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ (Պ. Պռօշեանի տուն-թանգարան, Աշտարակ), ու ասկերանցի Գաբրիէլեանները Արցախի գեղատեսիլ լեռներէն հաւաքուած խոտաբոյսերը համադրելով՝ «Նախշուն» կոչուած թէյեր կ՚արտադրեն, որոշեցի «նախշուն» ածականին մասին զրուցել ու միեւնոյն ժամանակ ձեզի ներկայացնել քանի մը նախշազարդ գրական կտորներ:
Բառերու խորհրդաւոր աշխարհին նուիրուած յօդուածաշարիս մէջ բառերու ոդիսականը յաճախ կը սկսի Ոսկեդարէն: Հայկական բառի մը համար հպարտութիւն է Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութեան մէջ, կամ՝ Ագաթանգեղոսի, Եղիշէի, Փարպեցիի եւ Խորենացիի աշխատասիրութիւններուն մէջ գէթ անգամ մը գործածուած ըլլալը: «Նախշուն» ածականի պարագան տարբեր է: Զայն պիտի չգտնէք գրաբար հայերէնի կոթողներուն մէջ, ո՛չ ալ շատ աւելի ուշ՝ Նարեկացիի մատեանին մէջ: Իսկ ի՞նչ է անոր ծագման պատմութիւնը: Խորանանք մեր լեզուի ծալքերուն մէջ:
Օտարամուտ է բառս, արմատը՝ «նախշ»: Ունի արաբական ծագում, բունը՝ ն-ք-շ: Այս բառը, ինչպէս կտաւի վրայ կատարուած նուրբ ասեղնագործութիւն, թել առ թել, հանգոյց առ հանգոյց ճանապարհորդեց դէպի հիւսիս. Պարսկաստանի մէջ «նաքշ» էր անիկա, իսկ Վրաստանի մէջ՝ «նախշի»: Հայաստանի մէջ, միջին հայերէնի «նախշ» ձեւը առաւ եւ այսպիսով, 1200-1300 թուականներուն, մեր լեռնաշխարհին վրայ սկսաւ անոր զարդարուն պատմութիւնը:
Նախ սիրունատես, նրբաճաշակ բառեր հիւսեցինք անոր հետ, յիսունի չափ, ինչպէս՝ նախշագիծ, նախշահիւս, նախշաձեւ, նախշանկար, նախշապատ, նախշաքանդակ, նախշունիկ: Անոնք յարմար եղան նկարագրելու համար մեր գորգերը, գաթաները, խաչքարերը, բարձերը, ինչպէս նաեւ՝ մշակի լոդիկի թեզանիքը, քղանցքը եւ օձիքը: Միջնադարուն, փոխառութեամբ գործածեցինք նաեւ հազուագիւտ բառ մը՝ «Նախշիդուար»: Անիկա թէեւ այլեւս գործազուրկ է, սակայն խիստ պատկերալից եւ զուարճալի ըլլալով՝ կը փափաքիմ անոր անդրադառնալ: «Նախշիդուար» բառը կազմուած է «նաքշ» եւ «տուվար» բառերէն, այսինքն՝ «նկար» եւ «պատ», ու կը նշանակէ՝ որմանկար: Սակայն, ունի երկրորդ իմաստ մըն ալ՝ անբան, անմիտ, ինչպէս դիմանկար մը՝ պատի վրայ նախշուած, «դէմքը կայ՝ միտքը չկայ»: Ունինք նաեւ նախշազարդ արտայայտութիւն մը՝ «Նախշուն-նախշուն»: Արցախի, Արարատեան դաշտի եւ Լոռիի մէջ անիկա կը նշանակէ՝ գոյնզգոյն, վառ ու գեղեցիկ: Լոռեցի բանաստեղծ Թումանեանը անշուշտ չէր կրնար անտեսել զայն, հետեւաբար գրական բնապատկեր մը հիւսեց անոր հետ. «Տերեւները հենց լսեցին, նախշուն-նախշուն գոյներ հագան»:
Ուշ միջնադարուն հայ աշուղները իրենց նախշաւոր երգերուն մէջ յաճախ գործածեցին «նախշ»ով հիւսուած խօսքեր: Ինչե՞ր չգովեցին անոնք… Քօսայ Երէցը նկարագրեց իր եարը՝ գեղեցկուհի Աննան, անշուշտ՝ նախ փառք տալով զայն ստեղծած արարիչին.
«Փառք ու պատիւ ասեմ ես քո արարչին,
Որ ամենայն փառօք զքեզիկ զարթարեր,
Ես քեզիկ զարծիւ, դուն նախշուն կակաւ,
Փախչելով կու բնակիս դու Ղարսայ քարեր»:
Այլ աշուղ մը, դժբախտաբար, անունը չէ հասած մեզի, գովեց իր լուսերես եարին շապիկը. «Շապիքիդ փողպատն է նախշուն, գեղեցիկ, գովելի, լոյս երես»: Յովհաննէս Թութունջի տաղասացը նկարագրեց ծխամորճը, որուն «ղալիոն»ը (ընդունարան) սեւ մարմար էր, իսկ կոթը՝ «ապանօս է եւ նախշուն»: 1500ականներու կէսն էր, երբ Քուչակ Վանեցին գրեց. «Աղ ու համ ես անուշ, ու դեղ ու զարդեր՝ նախշ ու նիկար»: Այս խօսքերը, յարգելի ընթերցող, ոչ թէ ուղղուած էին գեղեցկուհիի մը, այլ՝ Սուրբ Յովհաննէսին: Իսկ Սայաթ Նովան օր մը որոշեց երգ մը նուիրել իր քամանչային. «Անգաճդ էրծաթէն պիտի, գլուխդ ջաւահիր քարած, կութդ շիրմայեմէն պիտի, փուրդ սադափով նախշ արած»:
«Նախշ» բառը 1400ականներուն դարձաւ անձնանուն եւ սկսաւ զարդարելու նաեւ հայուհիներն ու վարպետ արհեստաւորները: Հայոց պատմութեան մէջ յիշատակուած առաջին «Նախշուն» տիկինը, մի ոմն՝ Թումայի կինն էր, որ 1460ին, Աղթամարի մէջ գրել տուաւ Աւետարան մը: 1467 եւ 1482 թուականներուն, Ոստան քաղաքին եւ Կտուց կղզիին մէջ գրի առնուած Աւետարաններու յիշատակարաններուն մէջ կան «Նախշուն» անունով երկու տիկիններ, որոնք այդ գիրքերու պատուիրատուները եղած են: Այս անունը տարածուած էր 15-18րդ դարերուն: Կան անոր Նխշուն եւ Նշխուն ձեւերը, ինչպէս նաեւ՝ Նախշոյ եւ Նախշունիկ փաղաքշականները: Ըստ անձնանուններու վիճակագրութեան՝ այսօր Հայաստանի մէջ 546 հոգի այս անունով զարդարուած է, մեծ մասամբ՝ Արցախի, Զանգեզուրի եւ Շիրակի մէջ:
Ժամանակն է, որ յիշեմ հայոց պատմութեան ամէնէն տաղանդաւոր եւ անուանի երկու «նաղաշ»ները: Առաջինն է՝ մօտաւորապէս 1394ին ծնած եւ 1470ին մահացած քնարերգակ տաղերգու, նկարիչ, հասարակական-եկեղեցական գործիչ, Ամիդ քաղաքի եպիսկոպոս, Միջագետքի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Մկրտիչ Նաղաշը, որ «Անհամեմատ նկարիչ» ըլլալուն պատճառով` արժանացած էր «Նաղաշ» մականունին: Իսկ երկրորդը՝ 1661 թուականին Նախիջեւանի Շոռոթ գիւղը ծնած եւ երկար ու արգասաբեր ճանապարհորդութիւններէ ետք իր ծննդավայրին մէջ 1722ին մահացած քնարական բանաստեղծ, աշուղ, նկարիչ, ծաղկող, Վրաստանի Վախթանգ Զ. թագաւորի պալատական նկարիչ ու երգիչ, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ ապարանքներ, եկեղեցիներ ձեւաւորած, ձեռագիրներ զարդարած, 1710 թուականին Էջմիածինի տաճարը նկարազարդած Նաղաշ Յովնաթանը:
19րդ դարուն, բառս քնարերգակ հայ բանաստեղծներու ուշադրութիւնը գրաւեց: Ահա քանի մը զարդարուն տողիկներ. «Կարմիր, նախշուն հաւկիթի պէս կ՛երթայ արեւն իր Զատիկ»ջ՝ Միսաք Մեծարենց, «Նախշուն մէզարով աղջիկ, ոսկի մազերով աղջիկ, քո սէրն հազարով աղջիկ»` Գարեգին Սրուանձտեանց, «Արտերն ամէն խճերով՝ իմ եարը նախշուն բճերով (գուլպայ)»՝ Քաջբերունի: Իսկ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի համար մեր երկի՛րն էր նախշուն. «Հայոց Աշխարհիկ լերինք ու հովիտք, ընդարձակ ու լայն, նախշուն զարդարին նոր հարսին նման»: Լոռեցի Թումանեանն ալ նման նկարագրութիւն մը գրած էր «Անոյշ»ին մէջ. «Համբարձում եկաւ, ծաղկունքը ալվան, զուգել են հանդեր նախշուն գորգերով»:
«Նախշուն» բառը սիրուն տեսք տուաւ նաեւ հայկական երգերուն: Անոնցմէ մէկը Արցախի յայտնի, ուզունդարա տեսակի «Նախշուն բաջի» երգն է. «Ղարաբաղի Նախշուն Բաջի, ինձ ասում ըն Նախշուն-բաջի»: Սասունցիներն ալ ունեցան «նախշուն» երգ մը. «Աղջի անունդ ասա, վօ վօ վովն ընկաւ, լինեմ մայրիկիդ փեսայ, սիրուն կաքաւ նաշխուն կաքաւ, ձեռքէս պրծաւ ջուրն ընկաւ»: Իսկ Գուսան Հաւասին օր մը իր պարտէզին մէջ մնաց առանց վարդի, տխրեցա՛ւ. «Նաշխուն սոխակներ ինձ ասէք, միթէ չունի՞ք ոչ մի դարդ, միթէ երբեք չէք մնացել տխուր, առանց կարմիր վարդ»: Մեր օրօրներն ալ են նախշուն. «Քուն եղի՛ր, բալաս, աչքերդ խուփ արա՛, նաշխուն աչքերուդ քուն թող գայ տեղայ»:
Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցող, ձեզի կ՛ուզեմ ներկայացել ամէնէն «նախշուն» հայը: Կոմիտաս վարդապետն է ան: Ականջ տուէք անոր հիւսած երգերուն ու դուք կը լսէք, թէ անոնք զարդարուած են «նախշ» բառով: Իսկ ինչի՞ մէջ է կոմիտասեան երգերու արժէքը: Բացատրե՛մ. անոնք «նախշազուրկ» եւ «աննաշխ» են: Անոնց գեղեցկութիւնը` պարզութի՛ւնն է: Իսկ այժմ լսենք զանոնք. «Մեր դրանը խնկի ծառ, նախշուն բլբուլ վրէն թառ», «Այլուղս յարի բաշխած էր, ալ աբրշումով նախշած էր», «Էս գիշեր լուսնակ գիշեր, վայ լէ, լէ, լէ, լէ, ձիւնն եկել, գետին նախշել», «Անձրեւն եկաւ շաղալէն, խալիչեքը փռել եմ, նախշուն բարձեր դրել եմ», «Հոյ, Նազան իմ, նախշուն թեւ-թիթեռնիկ ես, ջա՜ն, Նազան իմ», «Սիրունի՜կ, սիրունի՜կ, սիրունիկ նախշուն կաքաւիկ»:
Հայոց մայրենին ինչո՞ւ է «նախշուն»: Յարգելի ընթերցող, եթէ ժողովուրդ մը հողը վարող եզին մասին նախշուն երգ հիւսեր է, ու այդ եզն ալ եարի նման, սուրբ խաչքարի նման, աչքի լոյս գորգի նման, իր սիրած քամանչային նման կոչեր է «նախշուն», ապա այդ ազգի լեզուն ալ, մի զարմանաք, պէտք էր դառնար՝ նախշո՛ւն: Այսօր, յարգելի ընթերցող, հրաժեշտ կու տամ Կոմիտասի մէկ այլ աննախշ ու նախշազուրկ, բայց իր պարզութեամբ անզուգական երգով մը. «Հօ արա, եզօ ջան, ախպեր ջան, թոլ արա եզօ, ջան ախպեր, դեհ, սիրուն ե՜լ, ել՜, ել՜ ել՜, դեհ ծաղիկ ել՜ ել՜ ել՜ ել՜, դեհ նախշուն ել՜ ել՜ ել՜ ել՜»: