ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ այս 5րդ ձեռնարկն էր, որ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը կը կազմակերպէր. այս մէկը՝ զուտ գրական։
Արդարեւ այս գրական երեկոյին հասարակութեան ներկայացուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մեր սուրբ գրողները։ Մասնաւորաբար հրաւիրուած էր յայտնի գրագէտ, թատերագիր դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը՝ ներկայացնելու անգլերէն լեզուով հեղինակած իր «The Martyred Armenian Writers. 1915-1922» («Նահատակուած Հայ Գրողները») գիրքը։
Գիրքը կը պարունակէ համառօտ տեղեկութիւններ հայ ժողովուրդի պատմութեան, լեզուի, կրօնի, ճարտարապետութեան, քաղաքականութեան եւ գրականութեան պատմութեան մասին։ Ապա կը ներկայացուին 13 տաղանդաւոր մեր նահատակ գրագէտները՝ ամէն մէկուն հակիրճ կենսագրականով, եւ այլ տեղեկութիւններ ու իր կողմէ անգլերէնի թարգմանուած գրական նմոյշներ։
Գրական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 16ի երեկոյեան, միութեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ մօտաւորապէս 100 գրասէր հասարակութեան մը։ Հանդէսին բացումը կատարեց միութեան վարչութեան փոխատենապետ եւ գրական յանձնախումբի անդամ Շանթ Յովասափեան, որ հայերէնով բարի գալուստի իր հակիրճ խօսքէն ետք, անգլերէնով ներկայացուց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը։ Կենսագրական կարճ տեղեկութենէ ետք, ան անդրադարձաւ անոր գրական եւ թատերական ստեղծագործութիւններուն։
Դոկտ. Մարգարեան բազմաթիւ յատկութիւններ ունեցող մտաւորական մըն է՝ գրագէտ, բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, ուսուցանող, բեմադրիչ, դերասան եւ տակաւին գիտնական։ Օժտուած այս բոլոր կարողութիւններով, ան շատ հրաշալի, վարպետօրէն եւ անմիջական հաղորդումով իր գիրքը ներկայացուց։ Ներկաները ուշի-ուշով կը հետեւէին բանախօսին, որ հմտօրէն եւ յաջողութեամբ ժողովուրդը կապեց ու հաղորդակից դարձուց իր նիւթին։
Հրանդ Մարգարեան ոչ միայն իր գիրքը ներկայացուց, այլ նաեւ 13 գրողները, որոնցմէ ոմանց ներկաներէն շատերը ծանօթ չէին։
Ներկայացման իր ելոյթին ընթացքին յաճախ ան նիւթը կը համեմէր ազգաշունչ եւ հայրենաշունչ արտայայտութիւններով, որ աւելի ոգեւորիչ տրամադրութիւն կը ստեղծէ ժողովուրդին մօտ ու կը մղէ զանոնք հաւատքի՝ դէպի պայծառ ապագան։
Մարգարեան ուրիշ շատ գեղեցիկ մտայղացում մը ըրած էր։ Արդարեւ, 8 երիտասարդներ եւ պատանիներ կարդացին նահատակ գրագէտներու անգլերէնի թարգմանուած ստեղծագործական նմուշներէն։
Ինչ որ ինք ըսաւ, գիրքին նպատակը օտարներուն հասցնելն է մեր գրական արժէքները, ինչու չէ նաեւ, մեր երիտասարդ սերունդին։ Հոս արդէն իր նպատակը կ՛իրականացուէր, երբ այդ 8 երիտասարդները անմիջականօրէն հաղորդակից կ՛ըլլային մեր մեծագոյն գրագէտներու գործերուն։ Բնականաբար անոնք իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին պիտի չմոռնան ո՛չ նահատակ գրագէտները, ո՛չ Հրանդ Մարգարեանը եւ ոչ ալ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան կազմակերպած այս երեկոն։ Այլեւս անոնց սիրտերուն մէջ դրոշմուեցաւ սէրը դէպի մեր գրկանութիւնը։ Ա՛յս էր Մարգարեանի նպատակներէն մին։
Օգտաշատ ձեռնարկ մըն էր, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլանք թէ՛ Հրանդ Մարգարեանին եւ թէ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան։
Հանդէսը փակուեցաւ Դանիէլ Վարուժանի մարգարէաշունչ այն խօսքերով, որ վարդահեղեղ արշալոյսի ձայնը կ՛առնէ… ու այսօր նաեւ ժողովուրդը մեծ հաւատքը պէտք է ունենայ, որ նոր արշալոյսի ձայները մօտալուտ են։
Թղթակից