Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումը:
Ստորեւ` մամլոյ բանբերին մեկնաբանութիւնը.
«Խորապէս մտահոգ ենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայր հանդիսացող Սուրբ Սոֆիայի տաճար-թանգարանը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ իշխանութիւններու որոշումով:
Սուրբ Սոֆիայի տաճարը զուտ պատմական եւ մշակութային կոթող չէ: Իր պատմութեան ընթացքին անիկա ունեցած է տարբեր կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական նշանակութիւն:
Սուրբ Սոֆիայի տաճարին թանգարանի կարգավիճակի շնորհումը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկումը կարելիութիւն տուած են զայն դարձնելու ոչ թէ քաղաքակրթութիւններու բախման, այլ համագործակցութեան եւ մարդկութեան միասնութեան խորհրդանիշ: Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վերջին որոշումը կը փակէ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի պատմութեան այդ` կարեւոր խորհրդանիշի եւ առաքելութեան էջը:
Այս որոշումը կը ստեղծէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրի բնոյթի եւ նպատակի էական փոփոխութեան վտանգաւոր նախադէպ եւ անհրաժեշտ կը դարձնէ Թուրքիոյ տարածքին նման կարգավիճակ ունեցող պատմական վայրերու պահպանման նպատակով միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշտադիտարկումը»: