Բարե՛ւ, պրն Եղիայեան
Պիտի խնդրէի բացատրութիւն տալ, թէ ինչո՞ւ ծալլել, փետտել, փտտիլ եւ սպաննել սխալ կը համարէք, երբ «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»-ը ծալլել-ը հոմանիշ ծալել-ին, իսկ փետտել-ը՝ հոմանիշ փետել-ին կը համարէ:
Շնորհակալութիւն։
Թալին
* *
*
Յարգելի՛ Թալին
«Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»-ը նախ չէ ընդունած ծալլել-ը եւ ըսած է՝ «տե՛ս ծալել»:
Փտտիլ եւ սպաննել բնաւ չունի:
Իսկ փետտել-ին համար կ’ըսէ «շարունակ, մէկէ աւելի անգամ փետել»: Այս նոր կամ երկրորդ իմաստը ոչ մէկ ուրիշ բառարանի մէջ կը գտնուի, ոչ մէկ այլ բառարան կ’ընդունի փետտել ձեւը: Օրինակ Ակադեմիայի քառահատորը՝ «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարանը»-ը, որ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ, չունի կամ չ’ընդունիր զայն:
Արեւմտահայերս կարգ մը բառերու բաղաձայնները կրկնելու սովորութիւն ունեցած ենք. այդ բառերն են՝ ամէն-ամմէն, փետել-փետտել, փտիլ-փտտիլ, ծալել-ծալլել, սպանել-սպաննել, տակաւին չեն պակսիր հիմմա, ասսանկ եւ նմանները ըսողներ ալ :
Այս հինգ բառերը կրկնաւոր բաղաձայնով ալ գրուած են երկար ատեն: Շատեր մինչեւ հիմա ալ կը գրեն: Սակայն օրին կամաց-կամաց սրբագրուած են եւ կը շարունակեն սրբագրուիլ:
Որեւէ ստուգաբանական հիմնաւորում չկայ, որ ասոնց բաղաձայնները կրկնուին:
Միակը, որ քիչ մը խաբուսիկ արդարացում ունի, սպաննել բայն է, որ գրաբարի մէջ սպանանել էր, իսկ աշխարհաբարի մէջ սխալմամբ սպաննել ամփոփումը կը թելադրէ ոմանց, ճիշդ ինչպէս ելանել-ելլել, կլանել-կլլել, թալանել-թալլել:
Սակայն սպանանել-ը ասոնցմէ կը տարբերի անով որ 5-րդ դարուն արդէն կար սպանել տարբերակ մըն ալ: Աշխարհաբարը ընտրած է այս մէկը, սակայն հետագային մեր արտասանութիւնը աղաւաղուած է, մեր լեզուական զգայարանը՝ ա՛լ աւելի, եւ սպանել-ը դարձուցած ենք սպաննել:
Հիմա ժամանակն է , որ կամաց –կամաց սրբագրուինք այլեւս: Այնպէ՞ս է:
(6-7-19) Ա. Ե.