Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ` ուրբաթ, 12 մայիսի երեկոյեան իր արտասանած ճառին մէջ վերահաստատեց իր կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման գծով: Տեղական թէ շրջանային նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ իսրայէլեան յարձակումներու ծալքերուն անդրադառնալով Հըզպալլայի ղեկավարը հաստատեց, որ հաղորդակցութեան մէջ են (ինք եւ իր ընկերակիցները) պաղեստինցի ղեկավարներուն հետ: Ան դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցի ղեկավարներու եւ անոնց ընտանիքներու ահաբեկման գործողութիւնները: Նասրալլա վերահաստատեց իր ղեկավարած կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը` ընդառաջելու օժանդակութեան պաղեստինեան կոչերուն:
Լիբանանի կացութեան գծով սէյիտ Նասրալլա դրական քայլեր որակեց վերջին օրերու շփումները` ընդգծելով, որ Հըզպալլա նախագահական ընտրութեան գծով ոեւէ թեկնածու չի պարտադրեր:
Ան հերքեց Լիբանան-Սուրիա սահմանին թէ այլ ուղղութիւններով կատարուող թմրեցուցիչներու թէ այլ օրինազանցութեանց գծով Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը կամ զօրակցութիւնը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` նշելով, որ այդ հարցը կը լուծուի ապահովական մարմինի մը կազմութեամբ եւ Դամասկոս մեկնումով: Նասրալլա նոյնպէս հերքեց սուրիացի տունդարձի դիմողներուն դէմ արգելքի որեւէ քայլի ձեռնարկումը Հըզպալլայի կողմէ: Այս գծով Հըզպալլայի ղեկավարը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բնականոն յարաբերութեանց վերահաստատումը: