Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 86
Հայկական ծագումով Պելճիգայի քաղաքացի Նատիա Մովսիսեան Հայասպանութիւնը կը քննարկէ օրէնսգիտական գետնի վրայ, «Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինական Պահանջքները» (Legal Claims for the Armenian Genocide) խորագիրով իբրեւ իրաւաբանական մագիստրոսի թէզ 92 էջերու մէջ, Պելճիգայի Կենթ Իրաւաբանական Համալսարանին մէջ:
Նատիա Մովսիսեան փոքր տարիքէն հետաքրքրուած է իր պապերուն հայրենիքով: Հայաստանի բռնագրաւուած արեւմտեան հատուածը այցելելէ յետոյ անոր հետաքրքրութիւնը սրած է աւելի եւ ան սկսած է ուսումնասիրել Հայասպանութիւնը զանազան տեսանկիւններէ: Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը իրաւաբանական գետնի վրայ եղած է իր ուսումնական ասպարէզը Պելճիգայի Կենթ Իրաւաբանական Համալսարանին մէջ: Իբրեւ հայ ուսումնասիրող ան ընդվզումով կ’ըսէ թէ դժուար է ընդունիլ այն իրականութիւնը որ Թուրքիա ոչ միայն չէ պատժուած իր գործած ոճիրին համար, այլ նաեւ ճողփացած է անոր «բարիք»ներով: Պատմական Հայաստան այցելութիւնը Նատիաի առջեւ բացած է նոր հորիզոն մը՝ իրաւաբանական տեսադաշտը Հայոց Ցեղասպանութեան պատժելիութեան:
Թէզին «Պատմական Ակնարկ» վերնագրեալ երկրորդ գլուխին մէջ թրքական բարբարոսութիւններն ու վատ միջացառումները նկարագրելէ յետոյ Նատիա Մովսիսեան կը քննարկէ անոնց ձգած յետադարձ ազդեցութիւնը հայ զոհերու կորուստներուն, նաեւ վերապրողներուն եւ յետագայ սերունդներուն վրայ: Վնասները երկու տեսակ են: Առաջինը մնայուն կամ անվերադարձ վնասներն են իսկ երկրորդը՝ նիւթական: Մնայուն վնասները կ’ընդգրկեն հայերու սպանութիւնը ուղղակի վայրագ միջոցներով եւ կամ անուղղակի ձեւերով ինչպէս բռնագաղթով, ծարաւով, անօթութեամբ եւ հիւանդութիւններով: Կան նաեւ անձնասպանութիւնները՝ առեւանգումէ, բռնաբարութենէ, տանջանքներէ եւ ստրկութենէ խուսափելու համար: Անմարդկային ու դժուար պայմաններու տակ յղի կիներու մահը նաեւ մնայուն վնասներուն մաս կը կազմէ: Պէտք է յիշել որ Հայասպանութեան մնայուն վնասներէն է նաեւ հայ ազգին թուաքանակի նուազեցման հարցը, ինչպէս նաեւ վերապրողներու ֆիզիքական տառապանքներու եւ յետցնցումներու (psychological trauma) ենթարկուածութեան պարագաները: Վերոյիշեալ վնասներէն ոչ մէկը կարելի է դարմանել կամ վերականգնել:
Նիւթական վնասներու մէջ կ’իյնան բռնագրաւուած հայոց շէնքերն ու արտերը, հաստատուած արհեստներու եւ առեւտրական գործերու վայրերու եւ եկամուտներու կորուստը, կրօնական եւ կրթական բոլոր հաստատութիւնները, ամէն ինչ որ շարժական է ինչպէս մեքենաներ, կահ-կարասի, ոսկեղէն, զարդեղէն եւայլն:
Երրորդ գլուխը վերնագրուած է «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Առընչուող Միջազգային Օրէնքները Եւ Անոնց Գործադրութիւնը»:
Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը պատմութեան մէջ առաջինն էր որ հայոց մասին կ’անդրադառնար, 1878-ին կնքուած Ռուսիոյ եւ Օսմանեան Պետութեան միջեւ: Համաձայնութիւնը կը պարտաւորէր Թուրքիան որպէսզի հայոց ի նպաստ բարեկարգումներ իրագործէ եւ միեւնոյն ատեն հայերը քիւրտերու եւ չէրքէզներու (թուրքերը չեն յիշուած- Յ. Ի.) յարձակումներէն պաշտպանէ: Նոյն տարին զանազան միջազգային հարցերու կողքին, այս համաձայնութիւնը կը վերաքննուի Պեռլինի Վեհաժողովին մէջ, որուն կը մասնակցին Մեծն Բրիտանիա, Աւստրո-Հուգարիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Ռուսիա: Պեռլինի Վեհաժողովին թիւ 62-րդ յօդուածին մէջ կը նշուի թէ Օսմանեան Պետութեան մէջ կրօնքը արգելք մը պէտք չէ ըլլայ որեւէ մէկու մը քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներուն: Ապրուստի համար աշխատելու՝ բոլորն ալ հաւասար պիտի ըլլան: Համաձայնութիւնը նաեւ կը պարտադրէ Թուրքիան որ հայկական նահանգներուն մէջ բարենորոգումներ իրագործէ:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութեան՝ 1918-ի վերջերը Կ. Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու երիտթուրքերու դատավարութիւնը սկսաւ: Սկիզբը Մեծն Բրիտանիա ճնշում բանեցուց որպէսզի ոճրագործները դատուին: Թուրքիա նախընտրեց զանոնք Թուրքիոյ մէջ դատել՝ փոխանակ օտար երկիրներու: Կառավարութիւնը ձերբակալեց երիտթուրք ղեկավարներ, նախարարներ եւ պատասխանատուներ եւ զանոնք ատեան հանեց իբրեւ կասկածելի պատերազմական ոճրագործներ: Էնվէր, Ճեմալ եւ Թալաաթ փաշաները ամբաստանուած էին իբրեւ ոճրագործներ: Սակայն անոնք երկրէն փախուստ տուած էին, ուստի անոնց բացակայութեան Դատարանը զանոնք մահուան դատապարտեց: 1919-ին Եոզկատի Զինուորական Դատարանը Քեմալ եւ Թեւֆիք պէյերը մահուան դատապարտեց: Պողազլեանի կառավարիչ Մեհմետ Քեմալ, Երզնկայի ոստիկանապետ Ապտուլլահ Ավնի եւ Եդեսիոյ կառավարիչ Պեհրամզատէ Նուսրաթ նոյնպէս մահավճիռ ստացան: Դժբախտաբար սակայն, Մուսթաֆա Քեմալ իշխանութեան գլուխ անցաւ եւ դատավարութիւնը ընդհատուեցաւ: Դաշնակից պետութիւններէն ոչ մէկը փորձեց վերականգնել դատավարութիւնները:
10 Օգոստոս1920-ին Սեւրի Դաշնագիրը դաշնակից պետութիւններու եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնաբար որոշում տուաւ, որպէսզի Թուրքիա հայոց բոլոր վնասներուն հատուցում ընէ եւ Ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատուին: Դաշնագրին թիւ 89-րդ յօդուածով որոշուեցաւ հիմնել Հայկական Հանրապետութիւնը ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի առաջարկին: Սակայն Հակառակ տրուած հաւաստիքներուն հայոց նկատմամբ Սեւրի Դաշնագիրին որոշումները չգործադրուեան:
1923-ի Լոզանի Դաշնագիրը գրեթէ ուրացաւ հայոց իրաւունքները:
Երբ հայոց դէմ կատարուած թրքական բարբարոս ջարդերը ցեղային ոճիր կոչուեցան, ցեղասպանութիւն բառը գոյութիւն չունէր տակաւին: Ծագումով հրեայ լեհ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքին Ցեղասպանութիւն (Genocide) բառը գործածեց հայոց դէմ գործադրուած թրքական կոտորածները մէկ բառով եւ իմաստալից կերպով նկարագրելու համար: Ակնարկելով հայոց պարագային, ան առաջին անգամ Ցեղասպանութիւն (Genocide) բառը գործածեց իր «Առանցքի Կանոնը Գրաւուած Եւրոպայի Մէջ» խորագրեալ գիրքին մէջ, 1944-ին:
28 Մայիս 1915-ին Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա միացեալ յայտարարութեամբ մը հայոց դէմ կոտորածներ սարքելու ամբաստանութեամբ դատապարտեցին Օսմանեան Պետութիւնը եւ հայկական ջարդերը «Մարդկութեան եւ Քաղաքակրթութեան Դէմ Ոճիր» անուանեցին:
Իրաւաբան Նատիա Մովսիսեան կը հաստատէ թէ, ոչ Պեռլինի Վեհաժողովին, ոչ Սեւրի, ոչ Լոզանի եւ ոչ ալ ՄԱԿի ցեղասպանութեան բանաձեւերը յարգուեցան Թուրքիոյ կողմէ: Ան միշտ միջազգային օրէնքներուն եւ համաձայնութիւններուն դէմ կեցած է:
Թուրքիոյ պատասխանատուութեան նկատմամբ հարցին օրէնսգիտական ծալքերը բացատրելէ յետոյ, Նատիա Մովսիսեան թէզին հինգերորդ եւ վերջին գլուխին մէջ կը յանգի այն եզրակացութեան որ Թուրքիոյ գործած Հայասպանութիւնը եւ անոր ուրացումը Միացեալ Ազգերու ցեղասպանութեան բանձեւին դէմ բռնաբարում մըն է, օրէնքին յետադարձ ազդեցութեամբ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային գետնի վրայ ընդունուած փաստ մըն է այսօր: Թրքական Հանրապետութիւնը ժառանգորդն է նախկին օսմանեան վարչաձեւին եւ ինչպէս որ անոր իրաւունքները ժառանգած է, նոյնն է անոր պատասխանատուութիւնն ու պարտաւորութիւնները Հայասպանութեան հանդէպ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետական ոճիր մըն է, ուստի ներկայի թրքական պետութիւնը պատասխանատու է եւ պարտաւոր է զայն ճանչնալու ու հայոց հատուցում ընելու:
Թէզին հեղինակը՝ Նատիա Մովսիսեան վերջաւորութեան կ’ըսէ թէ անկախ անցած ժամանակէն, Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումը Թուրքիոյ կողմէ պէտք չէ որ անտեսուի, որովհետեւ անժամանցելի են, մանաւանդ՝ գործուած ոճիրները շատ մեծ ու ահռելի են: «Ոճիրը միշտ պատժուած է ու պէտք է պատժուի օրէնքով», կը հաստատէ Նատիա Մովսիսեան: