Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ» կազմակերպութեան տարեկան 11-րդ ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 16-ին, Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի սրահին մէջ, կազմակերպութեան «Նարեկացի» շքանշանով պիտի մեծարուի Հայոց պատմութեան երկարամեայ դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը:
Աշխարհի առաջնակարգ հայագէտներէն մէկը հանդիսացող փրոֆ. Յովհաննէսեանը արժէքաւոր ներդրում ունեցած է հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտական ուսմանց զարգացման մէջ՝ միաժամանակ հանդիսանալով քաղաքացիական ու մարդկային իրաւանց կարեւոր ջատագով մը:
«Մեզի համար յատուկ պատիւ մըն է փրոֆ. Յովհաննէսեանը մեծարելը «Նարեկացի» շքանշանով: Ան առաջնորդող ուսումնասիրութիւններով եւ դաստիարակելու իւրայատուկ մարմաջով քաջալերած է ուսանողներու քանի մը սերունդ, որպէսզի նուիրուի հայագիտական ուսմանց», կը յայտնէ կազմակերպիչ միութեան ատենապետուհի Յասմիկ Պարան:
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան 50 տարի դասաւանդած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, 1962 թուականէն սկսեալ, հանդիսանալով համալսարանէն ներս հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անունով:
Ան նաեւ հեղինակն է քանի մը հատորներու. համալսարանէն ներս կազմակերպած է գիտաժողովներու շարք մը՝ նուիրուած պատմական Հայաստանի քաղաքներուն եւ նահանգներուն: Ան արժանացած է շարք մը մրցանակներու եւ շքանշաններու:
Մարտ 16-ի ձեռնարկը պիտի սկսի գիրքերու ցուցադրութեամբ ու ընկերային պահով մը, որմէ ետք պիտի հրամցուի ընթրիքը, ապա տեղի պիտի ունենայ շքանշանի տուչութեան ձեռնարկը: Հանդիսավարն է Ալիս Պետրոսեան:
Մեծարման ընթացքին պիտի ցուցադրուի փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նուիրուած կարճ վաւերագրական շարժապատկեր մը եւ ապա տեղւոյն վրայ պիտի կատարուի փրոֆ. Յովհաննէսեանի հետ հարցազրոյց մը, զոր պիտի վարէ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը:
Ելոյթներ պիտի ունենան Յասմիկ Պարան, փրոֆ. Փիթըր Քաուի, փրոֆ. Տէյվիտ Մայըրզ, փրոֆ. Սփիրոս Վրիոնիս ու մեծարեալին զաւակը՝ Արմէն Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ ինք՝ մեծարեալը:
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց «Նարեկացի» ամպիոնը զարգացնելու աշխատանքներուն:
«Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1998-ին, նեցուկ կանգնելու համար հայագիտական ուսմանց: