Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամիս մը ետք լիբանանցիները տակաւին կը տնքան այդ պայթումին յառաջացուցած մարդկային վնասներուն եւ հսկայական քանդումին ազդեցութեան տակ:
4 օգոստոսի պայթումին հետեւանքները ծանր են, խոր, յուզիչ եւ ցնցող:
Լիբանանցիները երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին Պէյրութի նաւահանգիստին կից գտնուող արտերկրի լիբանանցիի արձանին մօտ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին պայթումի 190 զոհերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ աղօթեցին անոնց հոգիներուն եւ վիրաւորներուն բուժման համար:
Այս առիթով զոհերուն հարազատները արտասանեցին խօսքեր:
Հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքէն խմբակ մը` պանծացնելով 10 նահատակ գործընկերներուն յիշատակը:
Լիբանանցի արուեստագէտներ մասնակցեցան այս հաւաքին եւ պատշաճ նուագներով ու երգերով ոգեկոչեցին զոհերուն յիշատակը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կազմակերպութեամբ պայթումի վայրին մէջ զետեղուեցաւ յուշարձան մը, ուր հրաւիրուեցան զոհերուն ընտանիքները:
Յուշարձանին զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն:
Բանակին կողմէ վառեցան 5000 մոմեր, որոնց լոյսով գրուեցաւ «Պէյրութ» բառը:
Բանակի հրամանատարութիւնը ոգեկոչեց նաեւ նահատակ բանակայիններուն յիշատակը եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Մինչ ոգեկոչումի հաւաքները տեղի կ՛ունենային, Մար Մխայելի մէջ փուլ եկած շէնքի աւերակներուն մէջ որոնողական աշխատանքները կը շարունակուէին` հասնելու համար անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն բացայայտումին:
Սակայն ափսոս էր, որ օր մը առաջ սքենըրներու վրայ լսուած սրտի տրոփումները այլեւս չլսուեցան երէկ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին փրկարար աշխատանք տանող չիլիական խումբը կասեցուց իր աշխատանքը, մինչ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեցին որոնողական աշխատանքը:
Չիլիական խումբը յայտնած էր, որ աւերակներուն տակ 3 մեթր խորութեան վրայ լսած են սրտի տրոփումներ եւ իրենց աշխատանքը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ գտնել ենթադրաբար ողջ անձը:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ բանակը Քորնիշ Նահըրի, Մար Մխայելի, Ժըմմէյզէի, Սայֆիի եւ Քարանթինայի մէջ 5600 բնակարան այցելած է եւ վնասները արձանագրած:
Նշենք, որ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Մեծ թիւով սպաներ, նաւահանգիստի եւ մաքսատան պատասխանատուներ արդէն իսկ բերման ենթարկուած են եւ մնայուն կերպով կը հարցաքննուին:
Անոնց շարքին երէկ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան հարցաքննեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը:
Հետաքննութիւնը կը շարունակուի, սակայն ցարդ ոչինչ կ՛ըսուի այդ մասին:
Փարոլին. «Վիրաւոր Պէյրութը Պիտի Վերականգնի»
Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլին երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ արդարութիւն պիտի պարտադրուի, եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը պատճառած պատասխանատուներն ու անփոյթները պիտի պատժուին:
Իր կարգին, գերապայծառ Փարոլին յայտնեց, որ Լիբանան առանձին չէ` աւելցնելով, որ նախագահ Աունը քաջալերած է Լիբանանի ինքնութեան տէր կանգնելու:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատի Ս. Շարպելի եւ Սրբուհի Ռիթայի մատրան մէջ ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերուն յիշատակին համար մատուցուած Ս. պատարագին:
Փարոլին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Փարոլին հաստատեց, որ կեանքը շարունակելու լիբանանցիներուն կամքը հզօր է:
Ան աւելցուց, որ Ռայի պատրիարքը զինք տեղեակ պահած է չէզոքութեան կեցուածքի որդեգրման մասին` հաստատելով, որ այդ կեցուածքը պիտի սերտուի:
Փարոլին նկատել տուաւ, որ այդ կեցուածքին նպատակը Լիբանանը շրջանային ցնցումներէ հեռու պահելն է, ինչպէս նաեւ շրջանին եւ աշխարհին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը պահպանելը:
Փարոլին այցելեց Պէյրութի աղէտի գօտին եւ լսեց զոհերու ու վիրաւորներու հարազատներուն ցաւերը:
«Մենք ձեզի հետ ենք, եւ Լիբանան պիտի յաղթէ այս աղէտին», ըսաւ գերապայծառը` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է պահպանէ իր բազմազանութիւնը:
Փարոլին այցելեց նաեւ Պէյրութի հրշէջներուն կեդրոնը, Քարանթինա, ուր ան Ֆրանչիսկոս պապին անունով յայտնեց, որ վիրաւոր Պէյրութը պիտի վերականգնի:
Փարոլին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակին համար մատուցուած Ս. պատարագին մասնակցեցաւ Ժըմմէյզէի «Ուարտիէ» հիւանդանոցին մուտքին:
Փարոլին այցելեց նաեւ Ժեհթաուի հիւանդանոցը` հաստատելով, որ Ֆրանչիսկոս պապը հետաքրքրուած է պատգամ Լիբանանով: Ան ընդգծեց, որ պապը Լիբանանը պիտի չլքէ: