ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի մէջ կայացաւ «Նեմեսիս Գործողութիւնը» գիրքի հայերէն տարբերակի շնորհահանդէսը: Գիրքի ֆրանսերէն տարբերակը հրատարակուած է Փարիզի մէջ 2014 թուականին, «Համազգային»ի կազմակերպութեան եւ «Սիժեստ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ: Գիրքին մէջ ընդգրկուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստող ուշագրաւ նիւթեր, արժէքաւոր քարտէսներ, ինչպէս նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքն ու դատավարութիւնը:
«Նեմեսիս Գործողութիւնը» գիրքի հայերէն թարգմանութեան տպագրութիւնը կատարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ֆրանսայի «Սիժեստ» հրատարակչութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ, անիկա լոյս տեսած է «Արեգ» հրատարակչութենէն:
«Նեմեսիս Գործողութիւնը» գիրքի պատկերապատումներուն բեմագիրներն են Ժան-Պլեզ Ճիան եւ Ժան Վարուժանը, պատկերապանումներու հեղինակն է Փաուլօ Քոսսի:
«Սիժեստ» հրատարակչութեան տնօրէն Ժան Վարուժանի համաձայն՝ գիրքը լոյս տեսած է գծանկարային պատկերապատման ձեւով: Ան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ հրատարակուած են գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակները՝ 400ական օրինակ:
Ֆրանսայի մէջ արդէն 2000 օրինակ սպառած է:
Կը նախատեսուի գիրքը թարգմանել նաեւ թրքերէնի եւ գերմաներէնի։