Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան
Զուիցերիոյ մէջ հրատարակուող հրէական «Tachles» օրաթերթը երէկուան իր թիւին մէջ անդրադարձած է 1973-ին բռնկած եգիպտա-հրէական պատերազմին, զոր հրեաներ «Եոմ Քիփուր»-ի պատերազմ կը կոչեն։ Ստորեւ յօդուածէն հատուած մը կը մէջբերեմ թարգմանաբար.
«ԼՐՏԵՍԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ»
«Հրապարակուեցան «Եոմ Քիփուր»-ի պատերազմին փաստաթուղթերը»
«1973 թուականին «Եոմ Քիփուր»-ի պատերազմի 48-րդ տարելիցին առթիւ, Իսրայէլի պետական արխիւը հրապարակած է 61 պատմական փաստաթուղթ՝ բաղկացած 1229 էջերէ: Այս փաստաթուղթերը «վաւերագրականօրէն» ցոյց կու տան, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է վարչապետ Կոլտա Մայիրի պատերազմական խորհրդասենեակին մէջ: Պատերազմը անակնկալ մըն էր Իսրայէլի համար, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չեղաւ: «Մոսատ»-ի այն ժամանակուան ղեկավար Ցուի Զամիրը Եգիպտոսի մէջ կրցած էր շահիլ մարդ մը, որ լրտեսած էր ի նպաստ Իսրայէլի: Անունը Աշրաֆ Մարուան էր։ Ան ծածկագրով տեղեկագրած էր Զամիրին, թէ պատերազմը մօտալուտ է: Այնուհետեւ Զամիր եւ Մարուան կը հանդիպին Լոնտոնի մէջ: Պատերազմի ամբողջ ընթացքին, Մարուան Զամիրին կը հաղորդէ կարեւորագոյն տեղեկութիւններ: Իսրայէլ կը ծրագրէր հատել Սուէզի ջրանցքը՝ եգիպտական կողմին հարուած հասցնելու եւ այդպիսով հոգեբանօրէն կոտրելու համար եգիպտացիներուն վիզը: Բայց ետքը Կոլտա Մայիր եւ ռազմական խորհրդասենեակի միւս անդամները Զամիրին միջոցով կ’իմանան, թէ եգիպտական բանակը կը ծրագրէ Սինա մտնել՝ ռազմավարական դիրքեր գրաւելու համար: Այս տեղեկատւութեամբ Իսրայէլ ոչ միայն կրցաւ անցնիլ Սուէզի ջրանցքին եգիպտական կողմը, այլեւ Սինայի մէջ ջախջախեց եգիպտական բանակը հրասայլային դաժան մարտերուն»:
Ով գիտէ, թէ Արցախեան 44-օրեայ մարտերուն ընթացքին քանի-քանի Աշրաֆ Մարուաններ գտնուեցան մեր շարքերուն մէջ, որոնք թշնամիին հաղորդած ամենագաղտնի տեղեկութիւններով ջլատեցին Արցախի պաշտպանութեան հերոսական բանակին մարտունակութիւնը՝ պատերազմական խրոխտ գործողութիւնները հասցնելով պարտութեան։
Պատմութիւնը ապացուցած է, որ դաւաճանները չեն գնահատուիր նոյնիսկ թշնամիին կողմէ։ Ո՜վ Նեմեսիս, վրէժի եւ հատուցման դիցուհի, արդար պատիժդ թող հասնի հայրենիքին ու ազգին հանդէպ այն բոլոր տմարդիներուն, որոնց մեռած խիղճը չի տեսներ արիւն լացող մեր հայրենիքին եւս մէկ չքնաղ մասին գերեվարումը։ Անոց սիրտը սեւ չի ճմլիր այն լուսածիր պատկերին առջեւ, որուն մէջ կը ցոլայ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ խորանին վրայ նահատակուած մեր բիւրաւոր զինուորներուն կենսախինդ դէմքը։ Ազգին այդ դաւաճանները ինչքան ալ խորունկ փորեն իրենց որջը մութին մէջ անյայտ թաքցնել կարենալու համար իրենց քստմնելի արարքը, վաղ թէ ուշ, միեւնոյն է, անոնց առջեւ պիտի յառնի վրէժի եւ հատուցման հզօր դիցուհին՝ Նեմեսիսը, ու զանոնք պիտի գամէ պատմութեան անարգանքի սիւներուն՝ ձեռքովը ազգին վրիժառու զաւակներուն։
Հայ ազգը գիտէ հալածանքի տոկալ ու արնաքամ քալել փուշերու եւ քարերու վրայէն։ Բայց ան կը քալէ դէպ յառաջ, ինչքան ալ իր տեսողութեան ճնշէ քաղաքական ներկային մութը, ան կը տեսնէ հեռաւոր հորիզոնին վրայ լոյսին թէկուզ աղօտ նշոյլը ու կը շարունակէ անվհատ քալել դէպ յառաջ՝ մինչեւ յաղթանակ։