BAIKAR Weekly – 281 – 26 June 2020
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Զապէլ Պոյաճեան Ջաղացպանեան Հայասպանութենէն վերապրած կին մըն է, որ կ’ապրէր Ամերիկայի Ուոթըրթաուն քաղաքը: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու մեծ մասը յետցնցումներու եւ կամ հոգեցնցումներու ենթակայ եղած են իրենց կեանքի ընթացքին: Անոնցմէ որոշներ նաեւ անձնասպանութեան միջոցով վերջ դրած են իրենց տառապանքին:
Զապէլ Պոյաճեան Ջաղացպանեանի կեանքի ոդիսականը վէպի ձեւով կը նարկայացնէ Նենսի Գրիգորեան իր անգլերէն “Զապէլ” վէպով (Nancy Kricorian, “Zabelle A Novel”, The Atlantic Monthly Press, N. Y., 1998, 239 pages), որ միեւնոյն ժամանակ հրատարակուած է նաեւ Գանատայի մէջ:
Տիկին Զապէլ Պոյաճեան Ջաղացպանեան 75 կամ 76 (“ոչ ոք գիտէր անոր ճիշդ տարիքը”- Ն.Գ.) տարեկանին Մեսեչուսեց նահանգի Ոոթըրթաուն քաղաքի իր տան մէջ հոգեցնցումներէ կը տառապէր, յառաջացեալ տարիքին իր հոգեկան ու ֆիզիքական հանգիստը կ’ուզէր գտնել: Յաճախ Աստուածաշունչ կը կարդար, սակայն եւ այնպէս, տեսնելէ ու ապրելէ ետք Հայասպանութեան արհաւիրքը, ան նոյն սարսափը կ’ապրէր յետցնցումներով եւ օրուան մէջ քանի մը անգամ կը բացագանչէր. “Թուրքերը կու գան… պիտի սպաննեն մեզ” արտայայտութիւնը:
Զապէլ Պոյաճեան ծնած է Հաճըն 1908-ին (անոր ծննդեան ճիշդ թուականը յայտնի չէ- Յ.Ի.): Նախքան Հաճընի բռնագաղթը 1915-ին, Զապէլի հայրն ու հօրեղբայրը Օսմանեան բանակ կը տարուին ու ալ չեն վերադառնար: Հաճընի բոլոր հայերը կը բռնագաղթուին դէպի հարաւ: Զապէլ, մայրը եւ եղբայրը իրենց գերդաստանին հետ ճամբայ կը հանուին: Երբ կարաւանը սուրիական անպատները կը մտնէ, Զապէլի եղբայրը կը մահանայ, իսկ մայրը կը հիւանդանայ: Զապէլ իր մօրը հոգ կը տանի շաբաթներով: Դառն օրեր անցընելէ ետք մայրն ալ կը մահանայ ու Զապէլ մինակ կը մնայ:
Զապէլ Պոյաճեան Ռաս-ուլ-Այնի մէջ իրեն տարեկից եօթը տարեկան հաճընցի ընկերուհի մը կը գտնէ Արսինէ անունով եւ ընկեր մը` Սարգիսը: Անոնք երեքը միասին կը շրջին հոս ու հոն օրուան ապրուստը ճարելու համար: Երբ անգլիական բանակի գումարտակ մը Հիւսիսային Սուրիա կը մտնէ, անգլիական իշխանութիւնները հայ որբերը կը հաւաքեն եւ Պոլսոյ թրքական որբանոցները կը ղրկեն, որոնց մէջ ի շարս այլոց Զապէլը, Արսինէն ու Սարգիսը:
Քանի մը տարի ետք Զապէլ թուրք ընտանիքի մը սպասաւորութեան կը տրուի, որոնք թէեւ իր հետ ազնուօրէն կը վարուին, սակայն հայ որբահաւաքները տեսնելով Զապէլը թուրքի մը տունը` թրքանալու վտանգի ճամբուն վրայ, անմիջապէս կ’ազատեն զայն եւ բարեբաստիկ պայմաններու տակ՝ ան Տէր Ստեփանեան մականունով հայ ազնուական զոյգի մը որդեգիրը կը դառնայ:
Զապէլ երբ տասնըվեց տարեկան կ՛ըլլայ, Պոլիս գտնուող ամերիկահայ Թորոս Պոյաճեանի մայրը զինք տեսնելով կը փափաքի իր տղուն հարս առնել: Բոլորը կը յօժարին ու Զապէլ կ’ամուսնանայ Թորոսի հետ եւ Ա.Մ.Ն., Պոսթընի մօտ Ուոթըրթաուն քաղաքը կը հաստատուի ամուսինին հետ:
Ամբողջ իր կեանքի ընթացքին, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը ճաշակած Զապէլ կէս քուն կէս արթուն վիճակով հոգեցնցումներէ կը տառապի, անհանգիստ երազներ կը տեսնէ: “Անապատին մէջէն կը քալէի դէպի մօրս վրանը, ձեռքիս գաւաթ մը ջուր, որ մօրս կը տանէի: Արեւը շատ կիզիչ էր ու փայլուն: Աւազը ոտքերուս տակէն կը փախչէր… Երբ վրանին մօտեցայ “Մայրիկ” կանչեցի: Պատասխան չկար… Վազել փորձեցի… բայց սահեցայ: Հասայ վրանին… Մայրս չկար… (էջ 39), Զապէլ այսպէս կը պատմէ իր մէկ երազը: Ան իր զաւակներուն եւ թոռներուն քով, ԱՄՆ-ի Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ 1969-ին: Այսպիսով անոր տառապանքը վերջ կը գտնէ:
“Զապէլ” վէպը Նենսի Գրիգորեանի առաջին գործն է, որ մարդկային ցաւերով յոռդարատ է ու դիւթական: Անիկա պատումն է հայ կնոջ մը կեանքին որ կ’երկարի մանկութենէն մինչեւ ծերութիւն, մինչեւ մեր ժամանակները: Հեղինակը կը յաջողի քերթողական ոճով եւ աշխոյժ արձակով պատմել տառապած հայ կնոջ մը կեանքը, որ առընչուած է զանազան նկարագրի տէր իսկական տիպարներու եւ որ կ՛արծարծէ հայ կնոջ մը ոչ սովորական կեանքին յուշերը, Օսմանեան Պետութեան մէջ Զապէլի մանկութեան մասին, երբ ան կը բռնագաղթեցուի 1915-ին եւ կը թափառի սուրիական անապատներուն մէջ սովահարութեան վտանգին տակ, շատ մօտենալով մահուան դռներուն:
Նենսի Գրիգորեան “Զապէլ” վէպի վերջին գլուխին մէջ յետադարձ ակնարկով կը նկարագրէ Զապէլի հօր եւ մօր իրար ծանօթացումը, անոնց սիրահարութիւնը` հակառակ միայն մէկ անգամ տեսնուելու, տիրող պայմանները եւ մտայնութիւնը, ապա անոնց ամուսնութիւնը քսաներորդ դարու սկիզբը: Այդ նկարագրութիւնը կը ցոլացնէ Հաճընի եւ անոր հայ բնակչութեան նիստ ու կացը, սովորութիւններն ու աւանդոյթները: Հեղինակը Ամերիկա ծնած ըլլալով հանդերձ, լաւագոյնս ըմբռնած ու ներկայացուցած է իրմէ կէս դար առաջ եղած հայ ժողովուրդի եւ անոր բնակավայրերու մանրամասնութիւնները՝ շնորհիւ իր մեծ մօր եւ այլ հայ տարէցներու յիշողութեան եւ պատումներուն:
Նենսի Գրիգորեան կը մէջբերէ իր մեծ մօր` Մարիամ Գոճապապեան Գրիգորեանի խօսքը թուրքերուն ներելու կամ չներելու մասին. “Յիսուս ըսաւ թէ ներենք մեր թշնամիներուն, սակայն ինչ որ ըրին թուրքերը հայոց` աններելի է”: Հեղինակը կ’աւելցնէ. “Ինչ որ տեղի ունեցաւ պատահական չէր, պատերազմին կողմնակի վնասներէն չէր: Այդ մէկը հայոց դէմ ներդաշնակուած արշաւն էր Հայկական հարցը “լուծելու”: Նպատակը ոչ միայն հայերը Օսմանեան Պետութեան սահմաններէն դուրս քշել էր, այլ նաեւ տիրանալ անոնց տուներուն, հողերուն եւ այլ ստացուածքներուն”:
Նենսի Գրիգորեան խօսքը թուրք ժողովուրդին ուղղելով կ’ըսէ. “Ես ձեզմէ ներողութիւն չէմ պահանջեր, այլ հետեւեալ հարցումիս պատասխան կ’ուզեմ. “Ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան ուրացումը շարունակել”:
Նենսի Գրիգորեան ամերիկահայ անգլերէն գրողը ծնած է 1960-ին Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց, ԱՄՆ: Բացի “Զապէլ” վէպէն (լոյս տեսած 1997-ին), հեղինակն է “Հացի Ու Կրակի Երազները”, “Bread and Fire Dreams”, (2003) եւ “Ամբողջ Լոյսը Հոն Կար”, “All the Light There was” (2013) վէպերուն: Ան հայրական կողմով հայկական ծագում ունի, իսկ մայրականը` Գանատաֆրանսական է: Անոր մեծ մօր ընտանիքը ջարդուած է Մեծ Եղեռնի տարիներուն, միայն մեծ մայրն ու մօրեղբայրը ողջ մնացած են:
Նենսի Գրիգորեան աւարտած է Տորթմաութ Գոլէճը 1982-ին, ապա մինչեւ 1987 հետեւած է Քոլոմպիա համալսարանի Գրականութեան ճիւղի դասընթացքներուն ու ստացած մագիստրոսի աստիճան: Ան բանաստեղծուհի է, գրականութիւն դասաւանդած է ամերիկեան Եէյլ, Քուինզ Գոլէճ, Ռոճըրզ եւ Քլոմպիա համալսարաններուն մէջ:
Նենսի Գրիգորեան անդամ եղած է ամերիկահայ անգլիատառ “Ararat Quarterly” պարբերաթերթի խմբագրական կազմին: Ան կ’աշխատի վէպի մը վրայ, որուն նիւթը հայ տոհմիկ ընտանիքի մը մասին է՝ 1975-1990-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Նենսի Գրիգորեան խաղաղասէր է, միջազգային քանի մը “Ոչ Պատերազմին” նշանաբանով ընկերային կազմակերպութիւններու անդամ է: