17 սեպտեմբերի առաւօտեան Նետերլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ հոգեկան խանգարում ունեցող անձ մը դանակով յարձակում գործած էր եւ սպաննած երկու կիներ:
«Ազդակ» կապ հաստատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Նետերլանտներու Ութրեխթ քաղաքի բնակիչ Նուպար Վարդանեանի հետ, որ յայտնեց, թէ ցաւալի է, որ երկու զոհերն ալ հայեր են, որոնք սպաննուած են իրենց իսկ բնակարանին մէջ:
Ան նշեց, թէ սպաննուած երկու հայ կիները ՀԲԸՄ-ի Նետերլանտներու կառոյցի աշխուժ ու գործունեայ անդամներ 72 տարեկան Ծնունդ Կարտանակեանն ու 52 տարեկան Մարալ Տէր Մովսէսեանն են: Ծնունդ Կարտանակեանը յատուկ խնամքի կարօտող անձ մըն էր եւ այդ պատճառով ալ յարձակումի պահուն անոնց կ՛այցելէր Ալմելոյի քաղաքապետարանի բժշկական սպասարկման աշխատակիցը, որ վիրաւորուած է, սակայն յաջողած է պրծիլ հոգեկան խանգարում ունեցող լեհ անձին ձեռքէն ու ինքզինք պատշգամէն վար նետել: Ան փոխադրուած է հիւանդանոց:
Վարդանեան ընդգծեց, սակայն, որ դէպքը հայերու նկատմամբ խտրականութեան դրսեւորում չէ, այլ` պատահականութեան հետեւանք եղող դժբախտ ու ցաւալի դէպք մը: