ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց Հայաստանին 50 միլիոն տոլար օժանդակութիւն տրամադրելու եւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնելու համար երկու միլիոն տոլարի աջակցութիւն յատկացնելու պայմանները պարունակող բանաձեւը:
Յատկանշական է, որ Հայ Դատի ջանքերուն շնորհիւ, 50 միլիոն տոլարը կրկնապատիկն է նախագահ Պայտընի կողմէ 2022ի ամավարկին մէջ առաջարկուածէն:
Բանաձեւին մէջ նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնուի Պայտընի վարչակազմին կողմէ 907րդ յաւելուածին պահանջներուն կատարումէն հրաժարելու որոշումին նկատմամբ, անընդունելի նկատելով ներկայ պայմաններուն մէջ Պաքուին զէնքեր հայթայթելը: