ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ դարձաւ «Սաութ Հուրիա» ռատիոկայանի լրագրող Հութաֆ Տհամի հիւրը` «Պիլա Ֆաուասել» յայտագիրէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն աշխատեցաւ իր քաղաքական ներկայացուցչութեան չափին մէջ եւ ընդդիմացաւ կառավարութեան որոշումներուն, նոյնիսկ երբ մէկ նախարար ունէր:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հրաժարիլը պատասխանատուութենէ փախուստ տալու համազօր է:
Անդրադառնալով հացի տագնապին եւ անոր տրամադրուած պետական նպաստը վերացնելու առաջարկներուն, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ տագնապին լուծումը պետական նպաստի վերացման չէ կապուած, այլ` օրինազանցութիւնները զսպելու:
Անդրադառնալով Պէյրութի քաղաքապետութեան տագնապին եւ ոմանց կողմէ ներկայացուած մասնատումի առաջարկին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն ընտրութեամբ` համաձայն ընտրաշրջաններու:
Ան նշեց, որ ներկայիս կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի է` այդ դահլիճը կազմելու իմաստով ներքին լիբանանեան կամքի չգոյութեան պատճառով: Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ արտաքին բարեկամութիւնները ներդրուին Լիբանանին ծառայելու ի խնդիր, եւ ոչ թէ Լիբանանը ներդրուի` բարեկամութեան ծառայելու համար:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի դիմաւորէ բոլոր նախագահական թեկնածուները եւ պիտի քուէարկէ անոր, որ յարմար կը գտնէ:
Ծովային սահմանագծումի զարգացումներուն եւ անոնց ծիրին մէջ Քարիշի նաւթահորին վերեւ անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկելու քայլին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անօդաչու թռչող սարքերը կրցած են ուժի հաւասարակշռութիւնը պահպանել:
Մարոնի համայնքի Հայֆայի առաջնորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի հարցին մասին երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց տալով Թուրքիոյ օրինակը: «Թուրքիոյ մասին մեր կեցուածքը յստակ է, իսկ ներկայ տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի պայմաններուն ընթացքին ոմանք մեզի թրքական դեղորայք տրամադրեցին, սակայն մենք մերժեցինք զանոնք», շեշտեց ան:
Հարցազրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցի յիշատակին, որուն մասին Յ. Բագրատունի եզրափակեց. «Ամենայն անկեղծութեամբ, սիրով եւ ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւններէ հեռու կը հաստատեմ, որ ցաւ ի սիրտ չկայ արդարութիւն, իսկ նահատակներուն թափած արեան շահագործումը ամօթ է: Կ՛ըսեմ միա՛յն. «Աստուած նահատակներուն հոգիները լուսաւորէ»: