ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթիվիէնքօ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիա Երեւանին եւ Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ՝ տարակարծութիւնները լուծելու բանակցութիւններու ճամբով, եւ որ դիւանագիտական. խորհրդարանական խողովակներով ջանքեր ի գործ կը դրուին այդ նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը։
«Զիս՝ իբրեւ ԱՊՀի Միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, դիմած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահները», ըսաւ Մաթվիէնքօ։
Ըստ անոր՝Ռուսիոյ մէջ մտահոգ են իրավիճակով, որովհետեւ «թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան Ռուսիոյ համար բարեկամ եւ գործընկեր երկիրներ են»։
«Հիմա գլխաւորը ոչ թէ մեղաւորներ փնտռելն է, այլ որեւէ մարտական գործողութիւն դադրեցնելը», ըսաւ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը։ Ան նաեւ նշեց, որ դիւանագիտական ճակատին վրայ քայլերու կը ձեռնարկուին սրումը մեղմացնելու համար. Ռուսիա ջանքեր կը ներդրէ նաեւ՝ իբրեւ Մինսկի խմբակի անդամ։ Բացի այդ, ջանքեր կը տարուին նաեւ խորհրդարանական ճակատին վրայ։
«Մենք շատ մտահոգ ենք այս իրավիճակով, ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կանգնեցնենք լարուածութեան սրումը, մարտական գործողութիւնները», ընդգծեց Մաթվիէնքօ։
Ըստ անոր՝ Ռուսիոյ դիրքորոշումը պէտք է ըլլայ բանակցային հոլովոյթը, որուն ընթացքին հարկ է հասնիլ փոխըմբռնելի որոշումներու։