Ղարաբաղեան խնդիրը լուծուած է թուրք-ազրպէյճանական միութեան կողմէ: Այս մասին «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Ինչո՞ւ 1992 թուականին մենք փակեցինք Հայաստանի հետ սահմանը. Ղարաբաղի բռնագրաւման պատճառով: Հիմա պայմանները փոխուած են: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան միաւորուած են, Ղարաբաղը ազատագրուած է, եւ մենք սկսած ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Խնդիրը լուծուած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միասնութեամբ», ըսած է Էրտողանի բանբերը:
Քալըն նաեւ խօսած է Երեւանի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն մասին: «Ներկայիս մենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու արագ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ ենք: Մենք պէտք է լուծենք խնդիրները եւ յառաջ շարժինք», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարի բանբերը: