Անբացատրելի յոխորտական ոճ մը վերջերս կ’օգտագործուի թրքական մամուլին մէջ: Միջին Արեւելքի հզօրագոյն պետութիւնը ներողութիւն խնդրած է Թուրքիայէն…: Արտաքին գործոց նախարար Տաւուտօղլու խամրած պայուսակէն դարձեալ դուրս բերած է դրացիներու հետ «զերօ» հարցեր ունենալու ցնորական տեսութիւնները: Էապէս՝ դրացիներու հետ տարակարծութիւնները հարթելու ուղիներ փնտռող նախարարը, իր յարափոփոխ եւ հակոտնեայ յայտարարութիւններով, զերոյական չափանիշներու հասցուցած է սահմանակից պետութիւններու հետ փոխյարաբերութիւններու նժարը : Իսկ վարչապետ Էրտողան, ամբարտաւանօրէն կը յայտարարէ.« Թուրքիան այլեւս այն երկիրը չէ, որուն կարելի է որեւէ բան պարտադրել կամ զայն մղել լռութեան»:
Այսօր, երբ Թուրքիա գինովցած է Իսրայէլի հայցած ներողամտութեան բարոյական յաղթանակով, արդեօ՞ք չէ հասունցած Թուրքիոյ անցեալը եւ ժամանակակից պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնելու պահը, վերյիշեցնելու մարդկութեան դէմ անցեալի եւ ներկայի անոր սխալները՝ հանրութեան ներկայացնելու Թուրքիայէն պահանջուող ներողութիւններու հաշուեկշիռը,սիրամարգի փետուրներուն տակ թաքնուած խորքային Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը : Առաջին հարցը որ պիտի ծագի ինքնաբերաբար, քսաներորդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած եւ գործադրած կոտորածներն ու բռնի տեղահանութիւններն են, որոնք ապագայ իրաւաբաններուն եւ պատմաբաններուն ուղեցոյց ծառայեցին՝ նկարագրելու Ցեղասպանութիւն եզրին սահմանումը…: Սակայն միայն Հայոց Ցեղասպանութեան առիթով ներողութիւն հայցելով չաւարտիր Թուրքիոյ մեղքերուն շարքը: Ցանկը կ’երկարի եւ արդարացիօրէն կ’ընդգրկէ քիւրտ, ասորի, յոյն, ալաուի ժողովուրդներու կրած տառապանքները, ազատ մտածողութեամբ մտաւորականներ, ձախակողմեան հակումներով գրողներ ու լրագրողներ, երաժշտագէտներ ու երաժիշտներ, բեմադրիչներ, քաղաքական տարբեր հայեացքներու տէր անձեր, կրօնքի ու հաւատքի մարտիրոսներ…: Ուրտեղէն սկսիլ ներողութիւն հայցելու…
Մենք առաջին իսկ օրէն դատապարտած ենք անմեղ քաղաքացիներու դէմ բռնութիւնը: Կը հաւատանք, որ սովորական քաղաքացիներ փոխադրող «Մաւի Մարմարա» նաւուն անձնակազմը անիրաւօրէն զոհ դարձաւ իսրայէլեան վանտալիզմին: Բարեբախտաբար, սիոնական պետութիւնը հետաքննութիւն բացաւ եւ ճակատաբացօրէն ընդունեց յանցանքը: Բայց դիտենք նաեւ մետաղին միւս երեսը եւ թրքական հողերու մէջ կատարուած նմանօրինակ միջադէպի մը ընդմէջէն մեր յարգելի ընթերցողներուն փորձեք աւելի պատկերաւոր ներկայացնել սխալ մը ընդունելու թրքական ըմբռնումը: 28 Դեկտեմբեր 2011-ին, թրքական «Էֆ-16» կործանիչներ, քրտական Ուլուտէր գիւղաքաղաքին վրայ անակնկալ օդարշաւի մը ընթացքին, անշնչացուցին տարբեր տարիքի 34 անտերունչ քաղաքացիներ: Թրքական լսատեսողական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ զոհերը քիւրտ զինեալներ են: Հետաքննութիւնները բացայայտեցին, թէ անոնք հացի կարօտ սովորական մահկանացուներ են…: Ընդդիմադիր եւ քրտական թեքումով կուսակցութիւններ հրապարակեցին արշաւին նկարները: Թրքական բանակի շտապը մնաց անտեղիտալի, հիմնուելով՝ «վստահելի աղբիւրներ»է քաղած տեղեկութիւններուն վրայ, թէ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան զինեալներ ծրագրած էին հիւսիսային Իրաքէն անցնիլ Թուրքիա…: Զոհերէն ոչ ոք կը կրէր զէնք: Բանակի հրամանատարութիւնը եւ նոյնինքն Էրտողանի կուսակցութիւնը յանդգնութիւնը չունեցան խոստովանելու թէ սխալմունքի հետեւանք էր միջադէպը: Տակաւին աւելին. Թուրքիոյ խորհրդարանական մարդկային իրաւանց խորհուրդը, տասն հինգ ամիսներու վրայ երկարող հետաքննութիւններու լոյսին տակ պատրաստեց 84 էջերէ բակացած տեղեկագիր մը: Տեղեկագիրը կ’եզրակացնէր թէ բանակը միտումնաւոր կերպով չէր սպաննած քաղաքացիները…: Փաստօրէն ոչ մէկ դատապարտում կամ հատուցման մասին խօսք: ՆԱԹՕ եւ ամերիկեան մամուլը խնդրոյ առարկայ դէպքին մասին անդրադառնալով յայտնեցին, թէ «անճշդութիւններ» գոյութիւն ունէին թրքական բանակին մեկնաբանութիւններուն մէջ: Ոմանք մինչեւ իսկ կլիմայական անբարենապաստ պայմաններու վերագրեցին մարդկային ողբերգութեան պատճառը: Բանակը եւ կառավարութիւնը առ այսօր կը մնան անդրդուելի: Վերջերս, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտական թեքումով Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը սպառնած Միջազգային Քրէական Ատեանին փոխանցել այս ոճիրին թղթածրարը:Խորհրդարանի նախագահը պատասխանեց, թէ Անգարա չի ճանչնար իրաւական այդ կառոյցը: Շատ շատեր Թուրքիոյ մէջ այսօր կը հարցնեն, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը յղփանան Իսրայէլի ներողութեամբ, երբ Թուրքիոյ վիճայարոյց անցեալը եւ ներկան հարուստ է ներողութիւն հայցելու բազում փաստերով, որոնց հանդէպ Անգարա մինչեւ օրս կը ցուցաբերէ խօլ ականջ:
Պարզ է, թէ Թուրքիա ինչո՞ւ կը մերժէ անդամակցիլ Միջազգային Քրէական Ատեանին: Թուրքիա կը զգուշանայ անցեալի եւ ներկայի մարդկային իրաւանց խախտումներէն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, փոքրամասնութիւններու կալուածներուեւ մշակութային կոթողներու յափշտակումը, իրաւուքներու ոտնահարումը, Քիւրտերու դէմ անհաշտ պայքարը, Կիպրոս ներխուժումը , Հայաստանի դէմ հաստատած տնտեսական շրջափակումը…երկար է շարքը: Սակայն խարխաբումներու մէջ շուայտացող Էրտողաններուն եւ Տաւուտօղլուներուն հաստատակամօրէն պիտի ըսենք՝ պետութիւն մը, որ չի կրնար յանդուգնօրէն ճանչնալ իր անցեալը, իրաւունքներու մասին չի կրնար դասեր տալ այլոց:
Բաց այս բոլորէն ետք, ընթերցողը իր ենթագիտակցութեան մէջ պահ մը վստահաբար պիտի հարցնէ՝ ներողութիւն եզրով բառ մը ընդհանրապէս գոյութիւն ուն՞ի թրքական բառարաններուն մէջ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ