ԵՐԵՐՒԱՆ.- Սփիւռքահա՞յ ես եւ նոր տեսակի «սթարթափ»ի (գործառնութեան-Խմբ.) գաղափարներ ունի՞ս: Փափաք ունի՞ս վերադառնալու Հայաստան եւ հիմնելու քու սթարթափը հայրենիքի մէջ: Եթէ այո՛, ուրեմն դիմէ «ՆերՈւժ» Սփիւռքի սթարթափ ծրագիրին, որ այս տարի կը կազմակերպուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին եւ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան կողմէ:
Ընտրութեան փուլը անցած դիմողները կարելիութիւնը պիտի ունենան 16-էն 20 դեկտեմբեր, Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ մասնակցելու քառօրեայ հաւաքի մը, ծանօթանալու համար Հայաստանի սթարթափներու համակարգին, Հայաստանի մէջ զանազան գործերով զբաղուելու առաւելութիւններուն, համագործակցելու տեղացի գործընկերներու հետ եւ զարգացնելու իրենց գաղափարները:
Աւարտին, յաղթող խումբերը պիտի ստանան 15-էն 30 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամաշնորհներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրենց սթարթափը հիմնելու համար ձեռնարկատիրական աջակցութիւն:
Այս տարի, «ՆերՈւժի»ի թիրախային տեղերն են՝ դրամական, ընկերային, կառավարման, կրթական, շարժական, ցանցային, գիւղատնտեսական արհեստագիտութիւնները, առողջապահութիւնը, մարդամեքենաներու շինութիւնը, երկրաչափական արուեստը եւ այլն:
Ծրագիրին գործընկերներն են՝ FAST-ի եւ IDeA-ի հիմնադիրները, UWC Դիլիջան համալսարանը եւ ուրիշներ:
Պատրա՞ստ ես դիմելու. այցելէ http://neruzh.am/կայքը եւ ամբողջացուր դիմումը մինչեւ 21 Հոկտեմբեր:
(Թղթակցութիւնը՝ «ՆերՈւժ»էն)