ԳԱՆՁԱՍԱՐ – Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի առաւօտ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան նախ այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ։
Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան սրբազան հօր բարի գալուստի իր խօսքը արտասանեց։ Ապա ընթերցուեցաւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի սրտի խօսքը, ուր ան կը քաջալերէր հալէպահայ առաջնակարգ աշակերտները՝ ուսման իրենց անշեղ ուղիին մէջ։ Տեղի ունեցաւ հալէպահայ վարժարաններու մակարդակով պաքալորիայի քննութեան երրորդ հանդիսացող ճեմարանաւարտ շրջանաւարտին՝ Մերի Տըրմաշին Ներսէս Շնորհալի պարգեւին յանձնումը։ Այնուհետեւ սրբազան հայրը ուղղուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի օրդ. Գայիանէ Թիւմպալեանի եւ կրթական մարմինին կողմէ։ Վարժարանի «Նազարեան» սրահին մէջ նախ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին աշակերտական յիշատակումը։
Ապա վարժարանի տնօրէնուհին սրբազան հօր այցելութիւնը ողջունեց եւ Թարգմանչացին խորհուրդը ներկայացուց աշակերտութեան։ Այնուհետու սրբազան հօր ձեռամբ, Կիրակոս Գույումճեանի նուիրատուութեամբ, Ներսէս Շնորհալի պարգեւը փոխանցուեցաւ հալէպահայ վարժարաններու մակարդակով պաքալորիայի քննութեան առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող աշակերտներուն՝ Աննա Մարիա Գուզուեանի եւ Տանի Թիւֆէնկճիի։
Զոյգ հանդիսութիւններուն առիթով, «Ներսէս Շնորհալի» մրցանքի հիմնադիր, ազգային բարերար, տիար Կիրակոս Գույումճեան գրաւոր կերպով փոխանցեց սրտի խօսքեր:
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս եպիսկոպոս Զօպույեան
Յարգելի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի տնօրէնութիւն, կրթական մշակներ, ներկաներ եւ ծնողներ,Սիրելի ուսանողներ,
Իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակ եւ հալէպահայ, երախտագիտութեան ջերմագոյն զգացումներով կը հետեւիմ սուրիահայութեան պատմական մայրաքաղաքին եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան տագնապի ողջ ընթացքին Ձեր նուիրեալ եւ անձնուրաց ծառայութիւններուն:
Սիրելիներ, , 2012-13 կրթական տարեշրջանէն ի վեր, նախաձեռնութեամբս, Քուէյթի մէջ ընթացք առած է «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը: Անոր շնորհիւ նիւթական պարգեւ կը ստանայ քուէթահայ այն ուսանողը, որ բարձրագոյն նիշ ապահոված է պաքալորիայի պետական քննութիւններուն: Այս մրցանակին նպատակն է աջակցիլ կրթութեան եւ ուսման հանդէպ սէր ունեցող ուսանողներուն:
Բարձր գնահատելով սուրիահայ գաղութը վերականգնելու Ձեր ամբողջական նուիրումը «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը արդէն իսկ հասանելի դարձած է Հալէպահայ ուսանողներուն: Մրցանակին նպատակն է ոչ միայն խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ոգին, այլ քաջալերել դառնալու տիպար եւ յաջողակ հայեր:
Այս ուրախ առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորեմ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին երրորդ մրցանակին արժանացող, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտուհի Մէյրի Տրմաշին, մասնագիտական ուսման ճանապարհին վրայ այս մրցանակը ըլլայ ամենափոքրը: Միշտ թող յիշէ այս օրը եւ աւելի բարձրին հասնի: Միաժամանակ կը շնորհաւորեմ նաեւ անոր ծնողքը, հարազատները եւ ընտանեկան պարագաները, յաճախած վարժարանին տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը:
Իմ մաղթանքս է, որ այս մրցանքը նոր յաջողութիւններու բանալին դառնայ մեր սիրելի ուսանող-ուսանողուհիներուն: Աւելիին ձգտին, հասնին աւելի բարձր դիրքերու, բարձրացնելով իրենց շրջապատին եւ հայութեան անունը:
Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնց որոնք նախանձախնդիր կը մնան հայ դպրոցի վերելքին եւ յաջողութեան:
Կրկին անգամ կը շնորհաւորեմ մրցանակակիրը, անոնց ուսուցիչ, ուսուցչուհիները, տնօրէնը, կրթական բոլոր պատասխանատուները եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:
Շնորհակալութիւն
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ
Գերաշնորհ Տէր Մասիս եպիսկոպոս Զօպույեան
Յարգելի Լազար Նաճարեան ճեմարանի տնօրէնութիւն, կրթական մշակներ, ներկաներ եւ ծնողներ,
Սիրելի ուսանողներ,
Իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակ եւ հալէպահայ, երախտագիտութեան ջերմագոյն զգացումներով կը հետեւիմ սուրիահայութեան պատմական մայրաքաղաքին եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան տագնապի ողջ ընթացքին Ձեր նուիրեալ եւ անձնուրաց ծառայութիւններուն:
Սիրելիներ, , 2012-13 կրթական տարեշրջանէն ի վեր, նախաձեռնութեամբս, Քուէյթի մէջ ընթացք առած է «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը: Անոր շնորհիւ նիւթական պարգեւ կը ստանայ քուէթահայ այն ուսանողը, որ բարձրագոյն նիշ ապահոված է պաքալորիայի պետական քննութիւններուն: Այս մրցանակին նպատակն է աջակցիլ կրթութեան եւ ուսման հանդէպ սէր ունեցող ուսանողներուն:
Բարձր գնահատելով սուրիահայ գաղութը վերականգնելու Ձեր ամբողջական նուիրումը «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը արդէն իսկ հասանելի դարձած է Հալէպահայ ուսանողներուն: Մրցանակին նպատակն է ոչ միայն խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ոգին, այլ քաջալերել դառնալու տիպար եւ յաջողակ հայեր:
Այս ուրախ առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորեմ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին առաջին դիրքը գրաւող, Լազար Նաճարեան ճեմարանի ուսանողուհի Աննա Մարիա Գուզուեանը, անոր ծնողքը եւ ընտանեկան պարագաները, «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին արժանանալուն առթիւ, ասպարէզին մէջ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Սրտի անհուն գոհունակութեամբ, կը շնորհաւորեմ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին երկրորդ դիրքը գրաւող, դարձեալ Լազար Նաճարեան ճեմարանի ուսանող Տանի Թիւֆենքճին,ինչպէս նաեւ անոր ծնողքը, անոր յաճախած վարժարանին տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը:
Իմ մաղթանքս է, որ այս մրցանքը նոր յաջողութիւններու բանալին դառնայ մեր սիրելի ուսանող-ուսանողուհիներուն: Աւելիին ձգտին, հասնին աւելի բարձր դիրքերու, բարձրացնելով իրենց շրջապատին եւ հայութեան անունը:
Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնց որոնք նախանձախնդիր կը մնան հայ դպրոցի վերելքին եւ յաջողութեան: Կրկին անգամ կը շնորհաւորեմ մրցանակակիրը, անոնց ուսուցիչ, ուսուցչուհիները, տնօրէնը, կրթական բոլոր պատասխանատուները եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:
Շնորհակալութիւն