Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին առիթով արտասանած իր բացման խօսքին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հայ ժողովուրդը միասնական է, ինչպէս երբեք, վճռական է մինչեւ վերջ դիմադրելու եւ պաշտպանելու ազատութիւնը եւ անկախութիւնը:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւան ժամանած պատուիրակութիւններու բոլոր անդամներուն այս ծանր պահուն Հայաստան ժամանելու համար:
ԵԱՏՄ չորս երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներ եւ ԵԱՏՀ նախագահ Միխայիլ Միասնիկովիչը կը գտնուին Երեւան: Ղրղզստանի հանրապետութեան վարչապետը կը բացակայի նիստէն՝ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով: