ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՈՉՆՉԱՑՈՒՑԱԾ Է ԹՇՆԱՄԻԻ ՄԵԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԶՐԱՀԱՊԱՏ ԵՒ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ
Հայաստանի պաշտպանութեան բանակը ոչնչացուցած է թշնամիի մեծ քանակութեամբ զրահապատ, զինամթերք եւ զինուոր: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը: «Այսպիսով ուղղութիւններէն մէկուն մէջ ձախողութեան մատնուեցան թշնամիի յարձակողական ծրագիրները»,ընգծեց Ստեփանեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, ուր փաստեր կը ներկայացուին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական գործուղութիւններուն մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան, վարձկան-ահաբեկիչներու ներկայութեան:
Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայ ժողովուրդին յղեց ուղերձ մը, ուր յայտնեց, թէ թուրք-ազերիական յարձակումը միայն ռազմա-քաղաքական հարց լուծելու նպատակ չի հետապնդեր, ո’չ ալ Ղարաբաղի հարցը լուծելու: Անոնք չեն եկած տարածութիւններ, գիւղեր, քաղաքներ գրաւելու: Անոնց նպատակը հայութիւնն է, անոնց նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան իրենց քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի հանրապետութեան, Արցախի հանրապետութեան քաղաքացին Տէր Զօրի ճամբորդ չէ:
Փաշինեան ըսաւ, որ թրքական բանակի 150 բարձրաստիճան զինուորականներ կը գտնուին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն հրամանատարական կէտերուն վրայ: