Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին առջեւ խօսք առնելով յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդը ծունկի չէ եկած եւ չի գար, հայրենիքը ոչ մէկ միլիմեթր չի զիջիր:
Փաշինեան շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է ամուր կենայ իր ոտքերուն վրայ եւ պաշտպանէ այս սրբազան հողին վրայ ապրելու իրաւունքը:
Իր խօսքէն ետք, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հարցումին պատասխանելով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ օրակարգի վրայ առկայ է Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը: «Մենք գնում ենք այդ քայլին, թէ չենք գնում. պէտք է այդ հարցը շատ լրջօրէն քննարկենք եւ գործնականում հիմա նաեւ, գուցէ, հանրային քննարկում սկսի» պատասխանեց Հայաստանի վարչապետը:
Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ, ԵԺԿ խմբակցութեան արտաքին հարցերու խօսնակ Միքայէլ Գալեր Ազրպէյճանէն պահանջեց անյապաղ դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան յայտարարեց, թէ նախնական տուեալներով, հայկական կողմը ունի 16 նահատակ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւոր: