Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 1988ի երկրաշարժին 30րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Ուրբաթ օր Գիւմրիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Փաշինեան ժամը 11:41ին ծաղկեպսակ զետեղեց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին եւ ներկայ գտնուեցաւ զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան:
Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որուն մէջ, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Երկրաշարժէն 30 տարի ետք աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերցուած չէ: Երբ կ՛ըսենք աղէտի գօտի, նախ պէտք է նկատի առնենք այն բանը, թէ որքանով վերականգնած է մարդոց վստահութիւնը իրե՛նց ուժերուն նկատմամբ, որքանով վերականգնած է լաւատեսութիւնը վաղուան նկատմամբ, որքանով վերականգնած է յոյսը, որ զոհերուն կիսատ մնացած գործերը եւ երազները պիտի դառնան իրականութիւն: Աղէտի գօտիի վերականգնման այսպիսի հայեցակարգը աւելի կարեւոր է եւ անհրաժեշտ»:
Ան յոյս յայտնեց, որ մարդոց վստահութիւնը եւ լաւատեսութիւնը պիտի վերականգնի:
«Ձեր ցաւերը իմ սիրտին, ձեր կարիքները իմ միտքին, ձեր երազները իմ հոգիին մէջ են եւ վստահութիւն կը ներշնչեն՝ ըսելու, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ամէն ինչ իսկապէս շատ լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Փաշինեան:
Ձեռնարկին ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, կառավարութեան անդամները, Երեւանի քաղաքապետը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ Նիքոլայ Գրեչուշքի եւ Քենզըսի նահանգապետ Ճեֆ Քոլեըր: