երեքշաբթի, 17 ապրիլ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Սերժ Սարգսեանը ընտրեց երկրի վարչապետ: Ամբողջ օրուան ընթացքին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, Երեւանի զանազան փողոցները փակուած էին «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» շարժումին կողմէ, որ կը ղեկավարէ Նիկոլ Փաշինեանը:
Հայաստանի ոստիկանութիւնը որոշում տուած էր դադրեցնելու Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքը եւ պահանջած հաւաքի ղեկավարէն այդ մասին անմիջապէս տեղեկացնել հաւաքի մասնակիցները:
Սակայն, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր կողմնակիցները փակած են Երեւանի կեդրոնական մասը` Սայաթ-Նովա պողոտան, Աբովեան փողոցի մէկ հատուածը, Պռոշեան-Բաղրամեան պողոտայի հատուածը, Դեմիրճեան փողոցը, Հրազդանի ձորէն Հալաբեան տանող ճամբուն սկիզբը: Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեանը անգամ մը եւս կոչ ուղղած է փակելու քաղաքի բոլոր փողոցները:
Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, վարչական իրաւախախտումներ կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկած է Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքի խումբ մը մասնակիցներ: Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ի դրութեամբ, ոստիկանութիւնը յատարարած է, թէ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 80-ի:
Փաշինեան. «Կառավարութեան Բոլոր Շէնքերու
Գործունէութիւնը Պէտք Է Անդամալուծենք»
Երէկ կէսօրին, Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբը:
Խօսելով հետագայ քայլերուն մասին` ան ըսած է, որ պէտք է անդամալուծել պետական ամբողջ համակարգը: «Երթով պիտի շարժինք եւ քայլեր ձեռնարկենք կառավարութեան բոլոր շէնքերու գործունէութիւնը անդամալուծելու ուղղութեամբ: Այնտեղ, ուր յաջողինք ներս մտնել, ներս կը մտնենք եւ նստացոյց կը կազմակերպենք, իսկ ուր որ չյաջողինք, մուտքին մօտ նստացոյց պիտի կազմակերպենք», ըսած է Փաշինեանը:
Մարզերուն մէջ գտնուողներուն ան կոչ ուղղած է մտնելու նաեւ գիւղապետարաններու շէնքերը:
Փաշինեան նշած է, որ իրենց քայլը շէնքերու շրջափակման գործընթաց է, ոչ թէ շէնքերի գրաւման գործողութիւն:
Աւելի ուշ, խումբ մը ցուցարարներ փակած են Երեւանի «Յաղթանակ»-ի կամուրջը: Տեղւոյն ոստիկանական աշխատողները փորձած են վերականգնել երթեւեկութիւնը:
Նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից տարածքին մէջ ցուցարարները փակած են փողոցները եւ անդամալուծած են երթեւեկութիւնը:
Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
Բազմամարդ Հանրահաւաք
Երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեանը հանրահաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղած է հաւաքի աւարտէն ետք միանալու եւ երթ կազմակերպելու, ապա կրկին վերադառնալու Ֆրանսայի հրապարակ: Սակայն ան միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է, որ այսօրուընէ այլեւս դուրսը պիտի չգիշերեն, այլ պիտի երթան տուն` 18 ապրիլին կրկին հանդիպելու միտումով:
Ան դարձեալ փողոցները փակելու կոչով դիմեց, բայց այս անգամ ոչ միայն Երեւանի կեդրոնական փողոցները, այլ ամբողջ Երեւանի, եւ յայտարարեց, որ գործողութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-էն:
Նիկոլ Փաշինեանը Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսած է «ժողովրդական, թաւշեայ յեղափոխութիւն, որ պիտի յաղթէ, քանի որ այդ յեղափոխութիւնը կարելի չէ կանգնեցնել, այդ յեղափոխութեան առաջնորդը Հայաստանի քաղաքացին է»: