ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտի հետ՝ քննարկելով Հայաստանի իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Զրուցակիցները համաձայնեցան, որ փտածութեան դէմ պայքարը եւ դատական համակարգի բարեփոխումները պէտք է համապատասխանեն Սահմանադրութեան, միջազգային չափանիշներուն եւ, իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւն՝ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
Եակլանտ հաստատեց կազմակերպութեան ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին:
Մօտիկ ապագային, Եւրոպական խորհուրդի փորձագէտներ պիտի այցելեն Երեւան՝ բարեփոխումներուն համար անհրաժեշտ խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: