«Հայաստանը երբեք ներքաշուած չէ եղած եւ երբեք պիտի չներքաշուի դաւադրութեան մէջ` ընդդէմ Իրանի, որովհետեւ մեզի համար այդ երկրին հետ յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են, եւ մենք երբեք չենք մոռնար, որ 1990-ականներու սկիզբը Իրանը Հայաստանի համար եղած է կեանքի ճամբայ»: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Լիթուանիա պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ 3 հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած հանդիպումին:
Վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանը Իրանի հետ ունի ջերմ յարաբերութիւններ: «Նորութիւն չէ, որ կան որոշակի շրջանակներ, որոնք կը յաջողին, ժամանակ առ ժամանակ, Իրանի մամուլին մէջ հրապարակել նիւթեր, թէ Հայաստանը ներգրաւուած է ինչ որ դաւադրութիւններու մէջ` Իրանի դէմ», նշած է Փաշինեան:
Այլ առիթով մը, Հայաստանի վարչապետը վերահաստատած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը եւ անդրադարձած գերիները վերադարձնելու ու ականապատ տարածքներու քարտէսներու հարցին:
Վարչապետը ըսած է. «Ես պատրաստ եմ մեր ունեցած բոլոր քարտէսները ինծի հետ տանելու եւ Ազրպէյճանի նախագահին կոչ կ՛ուղղեմ իրեն հետ բերելու մեր բոլոր գերիները»: