ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 Մայիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսիս պապին հետ։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները մեղմացմացնելու եւ խոցելի խաւերուն օգնութիւն տրամադրելու՝ Վատիկանի եւ անձամբ Ֆրանսիս պապին գործադրած ջանքերուն համար եւ ներկայացուց համաճարակին դէմ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:
Երկուստեք լուսարձակի տակ առին աշխարհի խաղաղութեան պահպանումը, սպառազինման դադրեցումը, ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մշակոյթի տարածումը եւ խրախուսումը: Այս պարունակին մէջ, վարչապետ Փաշինեան շատ կարեւոր նկատեց Ֆրանսիս պապին անցած ամիս կատարած համընդհանուր զինադադարի կոչը, ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց պապին` մնայուն կերպով հայ ժողովուրդին ու պատմական արդարութեան կողքին կանգնելուն համար։
Պապը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը եւ անոր պաշտօնավարման երկրորդ տարին, նաեւ մեծ գոհունակութեամբ ընդգծեց Հռոմի կաթողիկէ եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւնները եւ անսասան կապը: Ան վերահաստատեց իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով: