ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ կողմերը հանգամանալից կերպով քննարկեցին տարածաշրջանին վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ մը: Անդրադարձ կատարուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմանի յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, մասնաւորաբար, գերիներու վերադարձի հարցին եւ տարածաշրջանային ճամբաներու վերագործարկման:
Ըստ աղբիւրին՝ քննարկուեցան նաեւ տնտեսութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ եւ հեռանկարային հարցեր:
Տարածաշրջանին իրավիճակի պարունակին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանութեան առումով Ռուսիոյ առանցքային դերակատարութիւնը: Կողմերը շեշտեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան կարեւորութիւնը: