ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 16 Նոյեմբերին, հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան եւրասիական համարկման միաւորումներու ծիրին մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող այժմէական հարցեր: