2018թ-ի յունիս 12-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց «Արուեստի խաղաղութիւնը» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը եւ կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Հեղինէ Գէորգեանը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը եւ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արման Եղոյեանը:
Զրոյցի ընթացքին Հեճինեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ պարոն վարչապետը կը վայելէ համայն հայութեան սէրն ու վստահութիւնը, եւ պատմութեան մէջ սա բացառիկ երեւոյթ է, երբ հրապարակի վրայ ժողովուրդը կ՛ընտրէ իր վարչապետը:
Հանդիպման աւարտին Հեճինեան հանդէս եկաւ ելոյթով.
«2014 թ-ին համահայկական 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս ինծի առիթ ընծայուեցաւ ծանօթանալու այն ատեն ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Պոսթընէն հետեւելով Հայաստանի քաղաքական կեանքին եւ ծանօթ ըլլալով անոր գործունէութեան` ծանօթանալէ եւ այցեքարտեր փոխանակելէ ետք զինք հարցուցի` պարոն Փաշինեան ուկէ՞ Ձեզ այդքան դուխ:
Իմ հարցիս պատասխանը ստացայ 4 տարի անց: Պարզուեցաւ, որ պատմութիւնը կը ծնի յեղափոխութիւնը, ժողովուրդը կ՛իրականացնէ, իսկ առաջնորդը կը նշանակուի ի վերուստ: Անոր դուխը պայմանաւորուած է ժողովուրդի սիրով, համերաշխութեամբ, փոխադարձ վստահութեամբ եւ միասնականութեամբ, ուր չկայ ամերիկահայ, չկայ պարսկահայ, կամ սուրիահայ, այլ կայ մէկ միասնական հայ ժողովուրդ, որոնք մէկ մարդու նման կը կատարեն իրենց առաջնորդին հրահանգները` որդեգրելով ձեռքերը վեր, խաղաղ, առանց բռնութեան պայքարի ձեւը:
«Արուեստի խաղաղութիւնը» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2003 թ-ին, Պոսթընի մէջ, որ կրթական, մարդասիրական, անշահոյթ կազմակերպութիւն է, չունի որեւէ կուսակցական կամ կրօնական ուղղուածութիւն, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն մարդոց բարօրութեան, հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման, հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արտերկրի մէջ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման համար:
«Արուեստի խաղաղութիւնը» կազմակերպութիւնը ձօնուած է աշխարհի մէջ խաղաղութեան պահապաններուն, խաղաղութիւն իրականացնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն մարդոց բարօրութեան համար www.peaceofart.org:
Ուստի, «Արուեստի խաղաղութիւնը» կազմակերպութիւնը կը պարգեւատրէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «Արուեստի խաղաղութիւնը» կազմակերպութեան պատուոյ ոսկէ մեդալով խաղաղ թաւշեայ յեղափոխութեան համար:
Ստորագրուած մայիս 8-ին, 2018 թվ.»: