ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յղեց ուղերձ մը 1 Մարտ 2008-ի դէպքերուն վերաբերեալ: Իր ուղերձին մէջ, վարչապետը կ՛ընդգծէ, որ այդ իրադարձութիւններէն 11 տարի ետք, շատ կարեւոր է քաղաքական գնահատական տալ տեղի ունեցածին:
Վարչապետը կ՛արձանագրէ, որ 2008-ին, իշխող վերնախաւի գործողութիւնները ամենեւին ուղղուած չէին առանձին ուժի, խումբի, անհատի դէմ. այդ բռնութիւններուն եւ ապօրինութիւններուն հիմնական, եւ թերեւս միակ թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին էր՝ անոր իրաւունքը, անոր արժանապատւութիւնը եւ ազատութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան պետութեան անունով ներողութիւն խնդրեց 1 Մարտ 2008-ի բոլոր զոհերէն, անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր քաղաքական սպանութիւններու զոհերէն, քաղաքական հետապնդման ենթարկուած բոլոր քաղաքացիներէն ու քաղաքական ուժերէն:
Նշենք, որ վարչապետին գլխաւորութեամբ մարտմէկեան իրադարձութիւններուն տարեդարձին առիթով, Երեւանի մէջ, Ուրբաթ, 1 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ երթ, որուն մասնակցեցան նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, բազմաթիւ քաղաքացիներ:
Երթը մեկնարկեց Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն, անցնելով Մաշտոցի պողոտայով, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցով եւ աւարտեցաւ Միասնիկեանի արձանին մօտ:
Վարչապետ Փաշինեան ծաղկեպսակ զետեղեց Միասնիկեանի արձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց բոլոր զոհերուն յիշատակին: