ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Համավարակի պայմաններուն տակ Մարտէն ի վեր տունը մնալու ստիպուած ըլլալով՝ սա ու նա կիսատ գործերս հրատարակութեան պատրաստելու մխիթարանքը ունեցայ:
Առաջինը Յակոբ Հանիեանի գրառած ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐ ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՆԻԵԱՆԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ գիրքն էր, որ յառաջաբանով ու ծանօթագրութիւններով օժտելով՝ հրատարակեցի իմ միջոցներովս: ՛՛Հոգու պարտք՛՛ էր, ինչպէս կ՛ըսեն հոս:
Այդ գիրքը տպագրութեան մէջ էր տակաւին, երբ բարեկամս ՝ Նշան Պասմաճեանը, Սիտնիէն ինծի գրեց, որ հոն Մաքրուհի Աքխաչերեան անուն տիկինը իր ողբացեալ ամուսնոյն՝ քեսապցի Յակոբ Քորթեանի յիշատակին կը փափաքի Քեսապի նուիրուած գիրքի մը հրատարակութեան ծախսերը իր վրայ վերցնել, գիրքը ձօնել անոր անուան:
Յուզիչ էր առաջարկը, իսկապէս իմաստալից ու որքա՜ն հայեցի փաստ մըն էր եղածը:
Իսկ հիմա կը ցաւիմ, որովհետեւ եթէ հիմա, ա՛յս օրերուն ըլլար առաջարկը, թէ՛ ես, թէ ալ Տիկին Մաքրուհին այդ գումարը ուղղելու տեղը պիտի գիտնայինք …:
Ինչ որ է… Գիրքը լոյս տեսած է արդէն. ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ: Պատրաստութեան սկսած էի Քեսապի 2014-ի Աղէտէն ետք, աւերածութիւններու եւ կողոպուտի առթած տպաւորութիւններու տակ: Պատրաստութեան ատեն միշտ մտածած եմ, թէ որքա՜ն, որքա՜ն նիւթական մշակոյթի արժէքներ մենք կորսնցուցած ենք սահմանէն այն կողմ՝ մեր հողին ու երկրին հետ, այդ հողին վրայ եւ երկրին մէջ մեր ժողովուրդին արարելու բնական իրաւունքին հետ:
Հիմա նոյն վտանգն է մեր գլխուն: Մեր ստեղծածի առջեւ աշխարհ կը հիանայ, երբ տէրն ենք անոր: Երբ մենք չկանք՝ մարդիկ մեր նիւթական հետքերն ալ կը սրբեն կ՛երթան: Այսպէս եղան… Ո՛ր մէկը ըսեմ: Այս անգամ ստիպուած ենք պահելու եւ պահպանելու համար մինչեւ վերջ կռուելու, ստիպուած են յաղթելու, որ մեր ժողովուրդի դարերով արարածը եւ գալիք դարերուն արարելիքը աշխարհը տեսնէ ու խոնարհի:
Պիտի յաղթենք: