Փետրուարի 27–էն մինչև 6 Մարտ ինկած ժամանակահատուածին Ճափոնի Գինզայի Ճօ Մէ պատկերասրահին մէջ նկարիչ Արա Հայթայեանը հանդէս եկաւ անհատական երկրորդ ցուցահանդէսով: Այս մասին այսօր՝ Ուրբաթ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցան նկարիչն ու ճափոնագէտ Վարդիթեռ Յրութիւնեանը:
Ամէն ինչ սկսած է քանի մը տարի առաջ, երբ գեղանկարիչը ծանօթացած է ճափոնագէտին հետ: Որոշած են համագործակցիլ ճափոնցիներու հետ եւ հակառակ կարգ մը բարդութիւններու՝ յաջողած են:
«90-ական թուականներէն սկսեալ բնութեան հետ շփման ակունքը Դալմայի այգիներն էին: Ճեպանկարներ գծած եմ մինչև շինարարութեան սկսիլը»,-նշեց Արա Հայթայեանը՝ աւելցնելով, որ ճիղդ այդ բնապաշտական շարքն ալ ցուցադրուած է Ճափոնի մէջ՝ հաշուի առնելով բնապաշտութեան հանդէպ անոնց սէրը:
yerepouni-news.com-ի հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն եղած է ճափոնցիներու գնահատականը եւ Ին՞չ եղած է անոնց ամենաշատ տուած հարցումը՝ գեղանկարիչը պատասխանեց, «Ամէն ազգ ունի բնութեան հետ շփման իր եղանակները: Ճափոնցիներուն աւելի շատ այդ կը հետաքրքրէ: Այս շարքին մէջ անոնք հատած ծառերը նմանացուցած են ճափոնական տառատեսակներու»:
Արա Հայթայեանի հաւաստմամբ յաջորդ տարի ճափոնցի արուեստագէտները պիտի այցելեն Հայաստան եւ նպատակ ունին ցուցահանդէսներու մէկ մասը կազմակերպել Երևանի, միւսը՝ Կիւմրիի մէջ:
Այսօր արդէն Հայաստանի մէջ` «Դալան» պատկերասրահին մէջ, գեղանկարիչը կը ցուցադրէ «Կորսուած բնանկարի այլաբանութիւն» եւ «Նաթիւրմորթի լուսանցքներու մէջ» աշխատանքներու շարքը: Անհատական ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Ապրիլ 30:
ԱՆԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ