ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ –ՊԱՅՔԱՐ 244
Մեր ժողովուրդին 19-րդ դարու ազգային զարթօնքի, հասարակական- քաղաքական մտածողութեան կարկառուն դէմքերէն եղած է Մկրտիչ Փորթուգալեանը: Ան եղած է Խրիմեանի հաւատարիմ հետեւորդը եւ բարեկամը: Մկրտիչ Փորթուգալեան ծնած է Պոլիս: 1863-ին կ’աւարտէ Սամաթիոյ Ս. Սահակեան դպրոցը: Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ ծնողքը: Անոր ողջ կեանքը կ’ըլլայ ինքնաշխատութեան պայքար: Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ «Վարազդատեան ընկերութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը: Աւելի ուշ, Արփիար Արփիարեանի հետ՝ «Արարատեան ընկերութիւն»-ը: Փորթուգալեանի համար մնայուն մտահոգութիւն եղած է Արեւմտահայաստանի եւ Թուրքիոյ հայաբնակ գաւառներուհայ հայ ժողովուրդին կրթութիւնը եւ ազգային- հայրենասիրական դաստիարակութիւնը:
Փորթուգալեան 1881-ին Վանի մէջ կը հիմնէ Հայկազեան կեդրոնական վարժարանը: 1885-ին սուլթանական կառավարութիւնը զինք կ’արտաքսէ երկրէն: Ան կը հաստատուի Մարսէյ եւ ձեռնամուխ կը դառնայ «Արմէնիա» թերթին հրատարակութեան:
Մարսէյի մէջ Փորթուգալեան իր «Արմէնիա» թերթով առաջիններէն էր, որ բարձրացուց արեւմտահայութեան տառապանքները եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:
Փորթուգալեանի աշակերտները եւ հետեւորդները անոր գաղափարներէն ներշնչուելով 1885-ին Վանի մէջ կը հիմնեն Արմենական կուսակցութիւնը:
Փորթուգալեանի կարծիքով՝ համազգային յեղափոխութեան ճանապարհով անհրաժեշտ պիտի ըլլար թօթափել օսմանեան լուծը եւ հռչակել Հայաստանի անկախութիւնը: Այս ծրագիրին յաջողութեան համար Փորթուգալեան կ’առաջարկէր դիմել դրացի ժողովուրդներուն աջակցութեան: Ան յոյսեր չէր կապեր եւրոպական տէրութիւններուն հետ, նշելով, որ անոնք «շահամոլ են, կը միջամտեն հայոց գործերուն, երբ շահեր ունենան»:
Փորթուգալեան քննադատած է սուլթանի կառավարութեան հայաջինջ քաղաքականութիւնը, մերկացուցած է ցարիզմի հակահայ գործողութիւնները: Երիտթուրքերու յեղաշրջումին ընթացքին դիրքորոշուած է հակա-սուլթանական ուժերուն կողքին, նոյնիսկ շրջան մը հրաժարած է Հայաստանի անկախութեան գաղափարէն եւ յառաջ մղած է ինքնավարութեան թէզը: Սակայն տեսնելով Երիտթուրքերուն ազգայնամոլ, հակահայ քայլերը՝ հիասթափուելով քննադատած է զանոնք եւ յանգած այն համոզումին, որ հայ ժողովուրդը միայն մեծ տէրութիւններու օժանդակութեամբ կրնայ լուծել իր դատը:
Փորթուգալեանի անձը եւ անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը բարձր գնահատած են ժամանակի քաղաքական գործիչները եւ մտաւորականները:
Իր ազգային, քաղաքական, ընկերային յօդուածներուն կողքին Մկրտիչ Փորթուգալեան ստորագրած է բանաստեղծութիւններ եւս:
Մարսէյլի իր սեփական տպարանէն 1894-ին լոյս տեսած «Նմոյշներ Մ. Փորթուգալեանի գրած ոտանաւորներէն» գրքոյկին յաաջաբանին մէջ, Փորթուգալեան դիտել կու տայ, թէ բանաստեղծուեան աղբիւրը սիրտն է. « Երբ սիրտ մը չափազանց լեցուած է ուրախութեամբ կամ ցաւերով եւ կամ որեւէ զգացումով, չի կրնար պահել իր մէջ եւ դուրս կը թափէ այդ զգացումները»: Համեստօրէն խոստովանելէ ետք, թէ յաւակնութիւն չունի բանաստեղծութեան, կը յայտնէ, թէ պայմաններու ազդեցութեան տակ ունեցած է սրտի այնպիսի զեղումներ, որ գրիչը փութացած է ամփոփել եւ դնել տաղաչափեալ խօսքերու մէջ: Անոր բանաստեղծութիւններէն ոմանք հրատարակուած են 1873-74 թուականներուն, «Ասիա» լրագիրին մէջ, ոմանք ալ՝ Պոլսոյ Ազգային երգարաններուն:
Փորթուգալեան իր ոտանաւորները գրած է Վան երթալէ առաջ կամ Վանէն հեռանալէ ետք: Պատեհութիւն չէ ունեցած ոտանաւորներ գրելու Վանի մէջ. «… թերեւս տեղական հանգամանքերն այն ազդեցութիւնը ունեցած են սրտիս վրայ, որ սովորակնէն աւելի լայնցած է զգացմունքներն իր մէջ պարունակելու համար եւ այդ ժամանակ աւելի պատշաճ ու արդիւնաւոր երեւցած է այնտեղ կրել քան թէ գրել այդ զգացումները, գլուխա կախած աշխատիլ քան է երկինք նայելով ձայն բարձրացնել…»,− կը բացատրէ Փորթուգալեան:
Ոտանաւորներուն մեծ մասը գրուած է 22−26 տարեկան հասակին մէջ: Անոնք այն ժամանակի ոգին եւ դրոշմը կը կրեն իրենց վրայ. Սահմանադրութեան համար յոյս եւ ուրախութիւն, Հայաստանի թշուառութիւններուն եւ հայերու հանդէպ անտարբերութեան դէմ արտասուախառն բողոք, հայրենասիրական զգացումներ, իր հալածական եւ թափառական վիճակը նկարագրող տողեր…:
Ցաւալիօրէն, եւ Փորթուգալեանի իսկ վկայութեամբ, «հալածական եւ թափառական վիճակը, որուն ենթարկուեցայ Պոլիսէն մեկնելով Փոքր եւ Մեծ Հայաստաններն բնակելու երթալէս ի վեր, պատճառ եղած է, որ տեղափոխութիւններուն ժամանակ ստիպուած եմ թեթեւնալ իմ ունեցած բոլոր գրուածներէն՝ ոչնչացնելով զանոնք. ուստի այդ ոտանաւորներէն մնացած են միայն մէկ քանիներ, որոնք հին ժամանակ «Ասիա» լրագիրին եւ Պոլսոյ երգարաններուն մէջ տպուեցան եւ վերջին ժամերուն ալ «Արմէնիա»-ի մէջ գրուեցան: Բարեկամներէս ոմանք խնդրեցին, որ թէ՛ այդ հին երգարաններուն մէջ ( որոնք արգիլուած են մինչեւ օրս) հրատարակուած ոտանաւորները եւ թէ՛ վերջերս «Արմէնիա»-ի մէջ գրուածները գոնէ հրատարակեմ առանձին տետրակով»:
Փորթուգալեան համեստ անձնաւորութիւն մը ըլլալով կը յայտնէ, թէ խնդրոյ առարկայ ոտանաւորները կրնան արժէք չներկայացնել իբրեւ բանաստեղծութիւն, սակայն իբրեւ իր սրտին թարգման եւ բարեկամներուն պահանջին մասամբ գոհացում տալու նպատակով, մի քանի հատը փոքր գրքոյկի տեսքով կ’ամփոփէ՝ աւելցնելով կարգ մը ծանօթութիւններ:
Իր ներածականի աւարտին Փորթուգալեան կ’ըսէ. «Բարեբախտ կը համարեմ զիս, եթէ իմ այս տկար ձայնը, արձագանգ գտնելով ընթերցող հայրենակիցներուս սրտին մէջ, կարենամ սրտէ ի սիրտ խօսակցիլ անոնց հետ, այս տետրակին մէջէն»:
Գալով բովանդակութեան, բանաստեղծութիւններու գրքոյկը կ’ընդգրկէ ինը ոտանաւորներ՝ «Երգ ի հանդէս տասներորդ տարեդարձի Ազգային սահմանադրութեան հայոց» (Եւդոկիա), «Հառաչանք արմէնուհւոյն ի Հայաստան» (Եւդոկիա), «Արտասուք կուսին յաւերակս հայրենեաց» (Եւդոկիա), «Վտարանդին» (Սեբաստիա), «Դպրոցական կեանք» ( Պոլիս), «Ցաւք իմ» (Պոլիս), «Մի ձայն հայոց հայրենիքէն» ( վայրին նշումը չկայ), «Մարսէյէզի հայերէնը» (Նիւ Եորք), «Միութիւնը զօրութիւն է» (Մարսէյ):
Գրքոյկին վերջին էջերուն մէջ տեղ գտած են ուշագրաւ ծանօթութիւններ:
Ստորեւ հատուածներ այդ ոտանաւորներէն:
* *
*
Երգ ի հանդէս տասներորդ տարեդարձի
Ազգային սահմանադրութեան Հայոց
Ա’լ թող դադրին արտսուք հայուն աչերէն,
Փողոտ քնարն վար առնուի ա’լ որմէն
Եւ սիրարարծ նուագս իր լարք թող հնչեն
Զի Հայք այսօր սէր միութիւն կը գոչեն:
Սիրոյ մեր նշան
Սահմանադրութեան
Մաղթենք բարձր ի ձայն
Կեցցէ’ յաւիտեան:
Հառաչանք արմէնուհւոյն ի Հայաստան
Երբ կը լսեմ՝ Հայաստանիս անունն, թընդայ սիրտս ուժգին.
Երբ կը յիշեմ իր տառապանք, արտասուօք աչքս կը թրջին.
Անոր նըման լքուած թշուառ կա՞յ հայրենիք մ’ալ արդեօք,
Որուն ձայնին լսող չկայ, կու լայ կ’ողբայ դառն ցաւովք:
Արտասուք կուսին յաւերակս հայրենեաց
Աւերակաց երկրի մը մէջ ուր գահերու բեկորներ,
Եկեղեցեաց եւ պալասանց շըքեղ շէնքեր ու թագեր,
Տապաստ յերկիր կարծես կ’ողբան իրենց նախկին փառք լռիկ,
Կը տեսնեմ ՝ արդ մելամաղձոտ սխրադէմ կոյս մը փոփկիկ…:
Վտարանդին
Թէպէտ վտար քաղքէ քաղաք գամ՝ թափառ,
Բաղդն ու մարդիկ զիս հալածեն անգթաբար,
Այլ արդէն իսկ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ երբ վեհ ձայն
Թըռաւ բերնէս, յանձն առի զայս վիշտս համայն:
Ազատութեան ես անձնուէր,
Վիշտ, ցաւ սիրով եմ՝ յանձն առեր:
Դպրոցական կեանք
Ո՜վ սուրբ վայրեր,անհոգ ժամեր իմ կենաց,
Որ մըտացս մէջ քաղցր յիատակ մ’էք թողած,
Ըսէք ինծի, չէ՞ կարելի ետ դառնաք,
Այրած սըրտիկս զովացունել գալ փութաք:
Ցաւք իմ
Երբ որ աքս չորս կողմս շրջեմ,
Դժխեմ ՝ բաղդիս հետքերն տեսնեմ.
Բաշդ մ’որ դեռ այս հասակիս մէջ
Բացաւ ինձ դէմ կիւ եւ վէճ:
Մի ձայն հայոց հայրենիքէն
(Նուէր Հայոց Հայրենասիրական Միութեան անդամներին)
Հայրենիքէն ոբի ձայներ կը լսուին
Որք ապառաժ սիրտերն անգամ՝ կը յուզեն.
Միթէ՞ դուք չէք լսեր այդ ձայն տխրագին
Զոր ձեր թշուառ մայր կ’արձակէ իւր սրտէն:
«Հայե’ր մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի մոռնաք,
Ձեր հայրենիք ցե՞րբ մընայ աւերակ»:
Մարսէյէզի հայերէնը
Յառա՜ջ , Հայեր, հայրենիքի
Ազատութեան ժամն է հասեր,
Չէ՞ք տեսներ, բըռնաւորն մեզի
Դէմ՝ արնոտ դըրօշ է պարզեր (կրկ.)
Չէ՞ք լսեր դեռ Հայաստանցի
Ժողովըրդի հառաչանքներ.
Քիւրդեր, թիւրքեր հայ գիւղերի
Մէջ կը մորթեն մեր եղբայրներ:
Զէնքեր առնենք, Հայեր,
Շուտով կազմենք գունդեր,
Քալենք յառա’ջ, թող թիւրք արիւն
Ծծեն Հայոց դատեր:
Միութիւնը զօրութիւն է
(Նուէր Հայոց Հայրենասիրական Միութեան անդամներին)
Ձիւներն հատ հատ երկընքէն վար կը թափին,
Բայց երբ կ’իջնեն, մեզմով կ’ասեն ընկերին.
Դո’ւն ալ ե’ս ալ թոյլ էակներ, ջրի պէս
Կը հալինք թէ չմիանանք պնդապէս:
Մենք ամենքս մէն մինակ ի՞նչ կրնանք, ոչինչ ենք:
Բայց երբ մէկտեղինք մենք, լեռն ու դատ կը ծածկենք:
Իմաց՛ք՝ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋՆ Է ՄԵՐ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ:
Մարդ կրնայ միայն խոնարհիլ Մկրտիչ Փորթուգալեանի նման անխոնջ հայրենասէրի մը վաստակին առջեւ: