Նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ունեցաւ արարողակարգային բնոյթի հանդիպումներ` նախկին վարչապետներուն հետ:
Տիապ երէկ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որմէ ետք ան յայտարարեց, որ Հըս իւրայատուկ վարչապետ էր, որ յատկանշուեցաւ իր անաչառութեամբ եւ իւրայատուկ աշխատանքով: Ան աւելցուց, որ Հըս իբրեւ օրինակ կը ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին քաղաքական գործեր ստանձնել:
«Մենք այս փուլին հասանք 30 տարուան սխալ քաղաքականութիւններու իբրեւ հետեւանք: Ես կը հասկնամ ցուցարարներուն պահանջները, բայց պէտք է մեզի առիթ տան, որպէսզի կազմենք ներկայ հարցերը լուծելու իւրայատուկ կառավարութիւն: Մենք պիտի ըլլանք մէկ խումբ` հակառակ մեր տարբեր ուղղութիւններուն», շեշտեց Հասսան Տիապ:
Հասսան Տիապ նաեւ հանդիպում ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտարարեց, որ ապագային մնայուն հաղորդակցութեան մէջ պիտի ըլլայ նախկին վարչապետին հետ` նշելով, որ ինք ականջալուր դարձած է Սինիորայի երկար քաղաքական փորձառութեան եւ անոր արժէքաւոր միտքերուն: Ան աւելցուց, որ կը նախապատրաստուին ժողովրդային շարժումը ներկայացնող ղեկավարներուն հետ բազմաթիւ հանդիպումներ:
Հասսան Տիապ նաեւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որմէ ետք յայտարարեց, որ այցելութիւնը յատուկ էր, եւ մնայուն կերպով պիտի լսէ եւ նկատի պիտի առնէ նախկին վարչապետին խրատները: Տիապ յայտնեց, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը` լուծելու համար ներկայ տագնապը: Ան աւելցուց, որ ժողովրդային շարժումը կը պահանջէ տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն լուծումը:
Հասսան Տիապ նաեւ այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին: Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ Հարիրիի հետ տեսակցութիւնը ունէր առանձնայատուկ բնոյթ` նշելով, որ Հարիրի նախանցեալ օր արտայայտած էր իր յանձնառութիւնը երկրին եւ կայունութեան նկատմամբ: Տիապ յոյս յայտնեց, որ շարունակական հաղորդակցութիւն եւ համագործակցութիւն կ՛ըլլայ երկրին բարօրութեան համար:
Ապա Հասսան Տիապ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հարիրի պիտի մասնակցի՞ յաջորդ կառավարութեան եւ թէ վստահութեան քուէ պիտի տա՞յ անոր չմասնակցելու պարագային, Տիապ նշեց, որ այս հարցերը տակաւին կը քննարկուին, եւ պէտք է Հարիրիին հարցնել անոնց մասին: Ան աւելցուց, որ բոլորին պարագային դրական վիճակ կայ:
Ինչ կը վերաբերի յաջորդ կառավարութեան մէջ Սաատ Հարիրիի կողմէ նախարարներ նշանակելու հարցին, Տիապ յայտնեց, որ Հարիրի ամբողջական համագործակցութիւն ցուցաբերած է կառավարութիւնը կազմելու իմաստով:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ միջազգային ընտանիքը զինք կը նկատէ իբրեւ Հըզպալլայի թեկնածու, եւ որքա՞ն դժուար պիտի ըլլայ միջազգային ընտանիքը համոզել, որ պիտի կազմուի փրկութեան կառավարութիւն, Տիապ վերահաստատեց, որ ինք մասնագէտ է եւ անկախ, եւ իր նպատակն է կազմել անկախ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն: Ան աւելցուց, որ պէտք է ծառայել Լիբանանին եւ լուծել հարցերը:
Ինչ կը վերաբերի այն դիտարկման, որ ինք ակադեմական է եւ հեռու է տագնապներ լուծելու ու պետութիւն կառավարելու աշխատանքէն, Տիապ նշեց, որ ինք կը հաւատայ խմբային աշխատանքի կարեւորութեան` յայտնելով, որ ինք ամէն բան չի գիտեր: Ան ընդգծեց, որ իր խումբին մաս պիտի կազմեն տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ բոլոր մարզերու մասնագէտներ, եւ բոլորը միասնաբար պիտի աշխատին լուծելու համար հարցերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Տար Ֆաթուան մերժա՞ծ է իրեն ժամադրութիւն տալ, Տիապ նշեց, որ Տար Ֆաթուան բոլորին առջեւ բաց է, եւ երբ իր այցելութիւնները աւարտին, պիտի հանդիպի նաեւ միւֆթիին:
Լրագրողներէն մէկը յայտնեց, որ կայ առեղծուածային համայնքային իրավիճակ` սիւննիներու վստահութեան բացակայութեան ընդմէջէն, եւ հարց տուաւ, թէ Տիապ համագործակցութեան հաւանականութիւն կամ սիւննի ծածկոյթ շօշափած է Հարիրիի եւ Սինիորայի հետ հանդիպումներուն ընթացքին: Տիապ նշեց, որ իր վարչապետ նշանակուիլը սահմանադրական է` աւելցնելով, որ կարելի է շրջանցել առեղծուածային իրավիճակները: