ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Նախատօնական օրերը այս տարի պայծառ չեն Լիբանանի ու լիբանանահայութեան համար:
Քաղաքատնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու համար , ինչպէս անցեալին, այսօր ալ հաւաքական ճիգեր ի գործ կը դրուին նաեւ նուիրահաւաքի համար` նպաստելու կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ` մեր ազգային կառոյցներու անխափան գործունէութեան ապահովման:
Վեհափառ հօր կատարած ներդրումին յաջորդեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ անհատ ձեռնհաս հայորդիներու գիտակից ու նպատակասլաց նուիրատուութիւնները:
Դեռ քանի մը օր առաջ կազմակերպուած «Վանայ ձայն»-ի ռատիօթոնով, անսալով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ժողովրդային միասնական նուիրահաւաքի յաջողութեան ապացոյցը տուաւ :
Այս բոլորին ընթացքին պատահեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը եւս, որ կ՛արժէ առանձին լուսարձակի տակ առնել:
Ճգնաժամի առաջին իսկ օրերուն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային կապ հաստատելով վեհափառ հօր հետ, արցախահայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան: Խօսքին յաջորդող գործը չուշացաւ: Անմիջապէս իմացանք, որ համահայկական հիմնադրամին կողքին, Արցախի պետութիւնը ի՛նք եւս իր նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը կը փութացնէ ստեղծուած ճգնաժամին դէմ մարտնչող լիբանանահայութեան:
Օրինակը խօսուն է ինքնին:
Արցախեան ազատամարտը յաղթեցինք ու պիտի շարունակենք յաղթել, որովհետեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, անկախ աշխարհագրական իր դիրքէն, ամէն տեղ ի՛րը նկատեց այդ պայքարը:
Լիբանանահայութիւնը իր կարգին, շարժման առաջին իսկ օրէն Արցախի օժանդակութեան իր զանազան մարմիններով, անսակարգ նուիրումով, արեան գնով իսկ արցախահայութեան հետ եղաւ: Այս դժնդակ օրերուն իսկ չեն դադրած «Արցախ ֆոնտ»-ի աշխատանքները եւ պատահեցաւ խորհրդանշելին. Արցախի պետութեան նուիրաբերումը զուգադիպեցաւ տագնապալի այս օրերուն կազմակերպուած, «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագրին սատարող արցախեան արտադրութիւններու աւանդական տօնավաճառին…
Ուրեմն, «Լաւ ընկերոջ համար անգա՛մ կեանքը կը տայ ղարաբաղցին» արտայայտութիւնը սոսկ երգի բառ չէ, այլ , ի հեճուկս ի՛ր իսկ վիթխարի կարիքներուն, սփիւռքի հեռաւոր ափերուն ապրող իր հայրենակիցներուն դժուարին առօրեային հասնելու բարի կամքի ու գործնական աջակցութեան գործուն ապացոյցով` աներախտամոռ եղբօր նկարագրի որակական բնութագիր ու ցուցանիշ :