ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Լիբանանեան խորհրդարանը չորեքշաբթի, 12 փետրուարին գումարեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն աւարտին չքացաւ 29 հոկտեմբերէն` նախորդ գործադիր իշխանութեան հրաժարականէն ի վեր, երկրին մէջ ստեղծուած վնասաբեր քաղաքական բացը: Արդարեւ, կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէարկութեան նիստին ներկայ 84 երեսփոխաններէն 63-ը կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան հարցով «այո՛» քուէարկեցին, 20-ը` «ո՛չ», իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ:
Լիբանանին ազգային միասնականութեան կառավարութիւնները բնականաբար աւելի բարձր քուէներ ստացած էին, սակայն Հասսան Տիապի կառավարութիւնը մեծամասնական կառավարութիւն մըն է եւ ոչ թէ ազգային միասնականութեան, եւ իբրեւ այդպիսին աւելի քուէ ապահոված է, քան իր երկու նմանները` Օմար Քարամէի 2004 թուականի կառավարութիւնը, սակայն նուազ քան Նաժիպ Միքաթիի 2011-ի կառավարութիւնը (որուն անդամ էր վարչապետ Տիապ), որոնք յաջորդաբար ապահոված էին նիստին ներկայ 118 երեսփոխաններէն 59-ին եւ 69 երեսփոխաններէն 68-ին քուէները: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն հանգամանքը, որ, ըստ օրէնքի, կառավարութիւն մը խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէն ապահոված կ՛ըլլայ, եթէ «այո՛» քուէարկող երեսփոխաններուն թիւը «ո՛չ» քուէարկողներէն մէկ քուէով աւելի է:
Խորհրդարանին վստահութիւնը ստանալէ ետք, կառավարութիւնը այժմ պէտք է աշխատի ստանալու ժողովուրդին վստահութիւնը` կասեցնելով մսխումը, պայքարելով փտածութեան դէմ եւ վերադասաւորելով Լիբանանի պարտքերը: Ուստի անոր պէտք է առիթ տրուի գործելու:
Ընդունուած կարգ է, որ բնական պայմաններու մէջ կազմուած կառավարութիւններուն կը տրուի 100 օրուան պայմանաժամ մը: Ներկայ նախարարաց խորհուրդը արտակարգ ու ծանր տագնապի պայմաններու մէջ կազմուած կառավարութիւն մըն է, որուն թերեւս, տրամաբանականօրէն ու արդարօրէն, առաւել երկար ժամանակ պէտք է տրուի, սակայն առարկայական պայմանները այդ մէկը չեն թոյլատրեր:
Փոխան երեք ամսուան պայմանաժամի, Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը իր դիմաց ունի երեք շաբթուան պայմանաժամ մը, որովհետեւ շուտով ինքզինք պիտի գտնէ մեծ մարտահրաւէրի մը դիմաց. լիբանանեան պետութիւնը ստիպուած է 9 մարտին մարել 2020-ին վճարուելիք «Եուրոպոնտի»-ի 2,5 միլիառ տոլարի հասնող պարտքին առաջին բաժինը, որ 1,2 միլիառ տոլար է:
Վարչապետ Տիապի գլխաւորած կառավարութեան այս թէ այլ հարցերով կը սպասեն դժուար ու քաջ որոշումներ, որոնք կրնան երկիրն ու անոր ժողովուրդը նուազագոյն վնասներով դուրս բերել իր ներկայ ծանր պայմաններէն: