Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը իր 22 ապրիլի նիստին քննարկած է տնտեսական ու ելեւմտական հարցեր, կատարած է շարք մը տնօրինումներ:
Քննարկումները ընդգրկած են շինարարութեան, Արցախի աջակցութեան ծրագիրներ, սղաճի եւ պիւտճէի հաւասարակշռումի միջոցներ եւ այլն:
Այստեղ չենք ուզեր վերլուծումի ենթարկել կամ հարցականի տակ առնել տրուած որոշումները, բարելաւումի յոյսերն ու հաւանականութիւնները, այլ կ՛ուզենք առանձնացնել հետեւեալ կէտը: Որոշուած է յառաջիկայ 10 տարիներուն տարեկան 10 միլիառ դրամի (մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար) աջակցութիւն տրամադրել Արցախի վերականգնումի ծրագիրներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն կալուած ու բնակարան կորսնցնողներուն նորաշէն բնակարաններ տրամադրել:
Կարելի չէ գոհունակութիւն չարձանագրել նման որոշումի մասին, որովհետեւ ահա աղէտեալները ձեւով մը փոխհատուցում պիտի ստանան եւ անտուն-անտէր պիտի չմնան: Գոհունակութեան վրայ պէտք է աւելցնել յոյսը, որ ծրագիրը իրականանայ:
Կառավարութիւնը նմանօրինակ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ նաեւ Սիւնիքի այն գիւղացիներուն նկատմամբ, որոնք տուն-պարտէզ-աշխատատեղի կորսնցուցին` ազերիներու (GPS-ով) բռնակցումներուն պատճառով:
Կորուստ ունեցողին ու անտիրական դարձածին օգնութեան ձեռք երկարելը` շա՛տ բարի: Սակայն այս ընթացքը պէտք չէ մեր ուշադրութիւնը շեղէ ԷԱԿԱՆ հարցէ մը, որ է մեր կորսուած, բռնագրաւուած պատմական հողերուն տիրութիւնն ու վերստին ազատագրումը:
Արցախի կամ Սիւնիքի մէջ հող-տուն կորսնցնողին փոխհատուցում կատարելը պէտք չէ նմանի ինքնաշարժի արկածի մը կամ բնական աղէտի մը (օրինակի համար` աւելի քան 30 տարի առաջ պատահած երկրաշարժը կամ պարտէզներ փճացնող փոթորիկ մը) պատճառով արձանագրուած վնասի դարմանումին: Այդ գիւղացիները ո՛չ միայն տուն-սեփականութիւն կորսնցուցած են, այլ մենք ալ, ա՛զգովին, անոնց հետ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ կորսնցուցած ենք, կորուստ, որ նման փոխհատուցումներով չի կրնար դարմանուիլ, այլ միայն ու միայն այդ հողերուն իրաւատիրոջ` անհատին ու ժողովուրդին վերադարձով:
… Ցեղասպանութեան 50-ամեակի տարիներուն, Հայաստանի մէջ ոգեկոչական ցոյցերու պահուն, հնչեց «Մե՛ր հողերը, մե՛ր հողերը» պահանջը: Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ցեղասպանութեան 106-ամեակի օրերուն, երբ թուրքին ու ազերիին ախորժակները յաւելեալ գրգռութեան նշաններ ցոյց կու տան մասնաւորաբար Զանգեզուրի ուղղութեամբ, այդ պահանջատիրութիւնը պատմականօրէն հայապատկան հողերուն նկատմամբ մեր աննահանջ կեցուածքը վերանորոգուած է եւ` նոր լիցք ստացած: Ուրեմն պէտք է մեր կառավարութեան ու մեր հարցերուն բոլոր հետեւողներուն կրկին ու կրկին յիշեցնենք, որ հայուն համար արդար լուծումը չի սահմանափակուիր միայն նիւթական կորուստներուն դիմաց փոխհատուցումով, այլ` ՀՈՂԵՐՈՒՆ սեփականատիրոջ վերադարձով:
22 ապրիլ 2021