Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Հայաստանի խորհրդարանին մէջ վերջերս եւ յաճախ պատահող փողոցային տեսարանները կ՚օգտագործուին Փաշինեանի հակառակորդներուն կողմէ։ Այդպիսի «ելոյթ» մը ունեցաւ այս «տիւնեա կիւզալին»՝ իրեն վայելով բառապաշարով ու կատաղութեամբ։ Չկրցայ զսպել ինքզինքս եւ իր նման (քիչ մը աւելի քաղաքավար) պատասխան մը ղրկեցի իր բառով իր «ֆէյսբուկյան» էջին, իմ/մեր բառով դիմատետրի մէջ։
————————–
Հայուհի քաղաքական գործիչ Տիկ. Նաիրա Զոհրապեանը պիտի չփոխուի։ Պակաս կռուազան մըն ալ չէ ինք։ Յայտնի է որ ձայնը տաքուկ տեղէ կու գայ, թիկունքը պինդ է եւ «ամենայն հայոց պատգամաւորի» գլխարկ դրած թացը չորէն չի զանազաներ կամ գործին չի գար զանազանել։ Նորութիւն մը չէ ինծի համար հայ տղամարդկանց «տղամարդավարի» վարմունքը, այսինքն հանգիստ խօսիլ չեն գիտեր, այլ անպայման պէտք է ըսեն.- կը ջարդեմ, կը սատկցնեմ, կը գիւլլեմ, գլուխը կ՚ուտեմ, էն ո՞ր շունն ա» եւ նման խուլիգանական փողոցային արտայայտութիւններ։ Բայց Դուք ալ, յարգելի ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, որ ճշմարտախօսի քղամիտ հագած, նորէ առիթը չէք փախցներ այս իշխանութեան հասցէին ոչ-առարկայական ու չհիմնաւորուած, այլեւ վատ մտածուած դատումներ կատարել։ «Բժի՛շկ, բժշկեա զանձն քո»։ Ձեր ելոյթը հասկնալու լուրջ դժուարութիւններ ունեցան տակաւին հայերէն խօսող սփիւռքահայերը. այդ պատճառով օրական տասնեակներով հեռախօսազանգեր կը ստանամ «հայերէնի թարգմանելու» ձեր զազրաբարբառ ու այլանդակուած արեւելահայերէնը։ Մեր արեւելահայ լուսաւոր գրողներուն ու մտաւորականներուն ոսկորները սկսած են շուռ գալ իրենց գերեզմաններուն մէջ։