Քաղաքակրթութեան արշալոյսէն մինչեւ մեր օրերը, պետութիւններու, միապետութիւններու, թագաւորութիւններու եւ տարբեր հասարակարգերու մէջ թշնամի պետութեան հաշւոյն ծառայութիւնը ընդունուած է իբրեւ հայրենիքի հանդէպ գերագոյն դաւաճանութիւն: Շատ պիտի ուզէինք հաւատալ, որ Լիբանանի մէջ ալ գերագոյն պատիժ պիտի ըլլար հայրենիքի դաւաճաններուն ճակատագիրը: Այդպէս համոզուած էինք մինչեւ երէկ, երբ զինուորական ատեանի որոշումով բանակի նախկին գնդապետ Ֆէյիզ Քարամ ազատ արձակուեցաւ բանտէն:
Այն պահուն, երբ Քարամ քաղաքական միտում կը տեսնէր իր ձերբակալութեան մէջ, նախկին գլխաւոր դատախազ Մուսթաֆա Ատում կը հաստատէր, թէ ամբաստանեալը բանտարկուած էր թշնամիին հետ հաղորդակցութեան մտնելու պատճառով: Ինչո՞ւ հայրենիքի դաւաճանին դէմ այս բարեացակամ վերաբերմունքը, երբ փոքր յանցագործութեան մը պատճառով սովորական մահկանացուներու դէմ յաճախ անիրաւօրէն դէմ կ’արձակուի հինգ կամ վեց տարուան բանտարկութեան վճիռ: Եթէ անմեղ էր նախկին գնդապետը, յանցագործութիւն պիտի ըլլար մէկ վայրկեան իսկ զինք պահել արգելարանին մէջ: Բայց ենթական կատարած է յանցագործութիւն…. փոխարէնը արձակուած է երկու տարուան բանտարկութեան վճիռ: Ահա լիբանանեան արդարադատութեան չափանիշը: Միւս կողմէ, Հըզպալլա` կասկածելիներ կը հարցաքննէ եւ «մեկնելով ազգային անվտանգութեան շահերէնե կը մերժէ պետական որեւէ միջամտութիւն: Անտրամաբանական կացութիւն մը կը ստեղծուի ինքնաբերաբար: Միեւնոյն պետութիւնը ներող կը գտնուի գործակալի մը հանդէպ, անտարբեր` այլոց դատավարութեան, երբ երկրին սահմանադրութիւնը գերագոյն պատիժ սահմանած է հայրենիքի դաւաճաններուն: Բարոյական ինչպիսի հեգնանք, երբ հայրենքի դաւաճան մը կը դառնայ բանտարկութեան տարին ինը ամսուան նուազեցնելու լիբանանեան կառավարութեան որոշումէն առաջին օգտուողը: Այսպէս կը դաստիարակենք սերունդները անմեղ: Ցնծութեամբ դիմաւորելով հայրենիքի դաւաճաններ: Միեւնոյն առաստաղին տակ` երկու չափ, երկու կշիռ:
Ա
www.araradedailynews.com