Վարուժ Թէնպէլեան
Գաղափարապաշտ ժողովուրդ ենք: Դիպուածի արդիւնքի չէ որ մեր պատմութեան բոլոր դէպքերը գաղափարական որոշ իմաստ ստացած են, եւ իբրեւ հոգեմտաւոր սնունդ՝ սատարած են մեր գոյապայքարին:
Մէկ խօսքով, մեր ազգային նկարագիրը թրծուած է գաղափարապաշտութեան ստորոգելիներվ: Նկարագիր մը՝ որ ո՛չ միայն մղում տուած է ինքնուրոյն քաղաքակրթութեան մը ստեղծումին եւ հոգեպարար մշակոյթի մը կերտումին, այլեւ՝ մեզ միաձուլած է այդ գաղափարապաշտութեան ծնունդ տուած միջավայրին՝ հայրենի հողին հետ:
Հողին զօրութեան եւ մեր նկարագրին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան մասին կը բաւէ տալ օրինակը Արշակ Բ. թագաւորին, երբ Շապուհ արքային ներկայութեան կը դառնար առիւծասիրտ եւ հայկական ինքնավստահութեան ու անկախ ապրելու ձգտումին խրոխտ որոշումը կը փոխանացէր երբ ոտքը կը դնէր հայկական հողին վրայ: Կ՝արժէ տալ օրինակը նաեւ Արարատ լերան, որ իբրեւ գաղափարական արժէք, կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդ յաւերժական երթը եւ դարձած է հոմանիշ մեր գոյապայքարին:
Անշուշտ որ հայրենիքի սէրն ու պաշտամունքը յատուկ չեն միայն հայ ժողովուրդին, բայց մեր պարագային, հայրենի հողին վրայ մեր ապրած դարերու ոդիսականը, հողին համար կատարուած ընտիր արեան զեղումը, ազատագրական անընդհատ պայքարներու միաձուլումը հողին հետ, հողէն պարտադրաբար խզուելու վախը՝ հողին նկատմամբ երկիւղածութեան, գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի վիճակ մը ստեղծած են մեր գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան մէջ:
Հողին եւ հայրենիքին հանդէպ ստեղծուած գաղափարական այս ըմբռնումը պէտք է նկատել գերագոյն արժէք մարդու եւ ազգային գոյութեան համար, որուն բնականաբար կը հետեւին աշխատանքի եւ շինանարարութեան կապուած ստորոգելիները: Աշխատանքը կ՝ազնուացնէ հոգին, բայց ազնիւ աշխատանքը առաջին հերթին կապուած է հողին եւ հողին ընձեռած կենսատու բարիքներուն: Հողը եւ մարդը կը կազմեն անքակտելի ամբողջութիւն մը, իբրեւ քաղաքակրթական եւ մշակութային նուաճումներու էատարրեր:
Հայ գրականութեան, նկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ընդհանրապէս կերպարուեստի գանձարանը հարուստ է հողի եւ մարդու միաձուլումը արտայայտող գործերով:
Անոնց ժողովրդականացումը դարձած է անհրաժեշտութիւն մանաւանդ հայրենաբնակ կեդրոնախոյս հատուածին համար, որուն արտագաղթի տրամադրութիւնները, ի շարս այլ պատճառներու կողքին, նաեւ հետեւանք են հողին հետ անոր կապի թուլացման: Նոյնքան անհրաժեշտութիւն է նաեւ հողին կարօտը կորսնցնելու սկսած հայ ժողովուրդի Սփիւռքեան հատուածին:
Տնտեսական եւ զինուորկան հզօրացման առընթեր, նոյնքան կարեւոր է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան ամրապնդումը հայ մշակոյթի ճամբով:
Առանց հայ մշակոյթի ամրապնդումին եւ ժողովրդականացման կը թուլնայ հողին ուժը եւ ազգային պատկանելիութեան կապը: