ԵՐԵՒԱՆ.- «Ես ծագումով հայ եմ, իսկ մեծ հայրս 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Ֆրանսա ապաստանած է», այս անակնկալ բացայայտումը Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարեց Նոպէլեան մրցանակի արժանացած քիմիագէտ Էմանուէլ Շարփանթիէ, որ կը մասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Սթարմուս» միջազգային փառատօնին:
«Այս մէկը շատ տարօրինակ պատմութիւն մըն է, որուն մասին հայրս շատ ուշ իմացած է: Այնպէս որ, անունս Շարփանթիէ պէտք չէ ըլլար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ իր մեծ հօր մականունը Սինանեան եղած է: