Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 9 օգոստոսին, Դամասկոսի «Ապու Ռըմաննէ»-ի Մշակութային կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի «Արաբերէնի եւ հայերէնի առնչութիւնները» վերնագիրով դասախօսութիւնը: Ներկայ էին Սուրիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Ռուբէն Սողոյեան, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեան, դամասկահայեր, արաբ մտաւորականներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Մշակութային կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Րապապ Ահմատը դասախօսը ներկայացուց՝ ակնարկելով անոր գիտական կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր ներդրումը հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, Դոկտ Նորա Արիսեան իր նախաբանին մէջ հակիրճ ակնարկ մը նետեց հայերէն լեզուի կազմութեան եւ զարգացման ու հոլովոյթին: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ-արաբական դարաւոր յարաբերութիւններու բնոյթին եւ հոլովոյթին, որ զարգացուց առեւտրական եւ քաղաքական կապերը, ինչպէս նաեւ զանազան գիտութիւններու բնագաւառի մերձեցումը: Արիսեան հայ լեզուաբաններու տեսութիւններու վրայ հիմնուելով՝ ներկայացուց լեզուական առումով փոխառութիւնները,ինչպէս նաեւ արաբերէն եւ հայերէն լեզուներու միջեւ փոխառկուած բառերու էութիւնը: Արիսեան հաստատեց, որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները դարաւոր հիմք ունին, եւ լեզուական առնչութիւնները լաւագոյն միջոցն էր երկու ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու մերձեցման:
Աւարտին Արիսեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: