ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հին տարին անցաւ, գնաց: Այլեւս նորութիւն մը չէ: Սակայն նորութիւնը այն է, որ իրեն հետ նաեւ գացին մեր բոլոր յոյսերն ու ակնկալութիւնները, սակայն` ո՛չ մեր դժբախտութիւնները:
Հինը գնաց, ըսինք: Այո՛… մեզի, մեր մօտ ձգեց մեր բոլոր հարցերն ու խնդիրները: Տարին գնաց` առանց լուծում-դարման գտնելու մեր հայրենի եւ սփիւռքի հին ու նոր ցաւերուն, մեր հարցերուն, մանաւանդ որ տակաւին տեսանելի են արցախեան երկրորդ պատերազմին «ցաւալի» եւ «ողբալի» սպիներն ու անոնց հետ կապուած մեր ողորմելի աղաղակներու եւ ցաւի ու սուգի մէջ գալարուող մրմունջներու արձագանգը եւ յատկապէս` մեր յոյսը:
Արդեօ՞ք 2021 տարին մոռցաւ իրեն հետ տանելու մեր բոլոր հարցերէն ծնունդ առած այդ ցաւերը: Չեմ գիտեր եւ չեմ ալ կարծեր: Մէյ մը մենք մեզի հարց տանք:
Պատասխան.- Մենք ենք, որ չտուինք, որ ա՛ն այդ «բոլորը» իրեն հետ տանի, որովհետեւ մեզի համար եւ ամէն բանէ առաջ նման ամէնօրեայ «զբաղումները» պէտք էին: Կարծես ա՛լ ուրիշ ընելիքներ չունենայինք: Փոխանակ լուծումներ որոնելու` անցնող ամբողջ տարին մեր նոյն հարցերը «ծեծելով» անցուցինք: Վարժութեան հարց:
Նաեւ ըսեմ, որ շատերու համար կրկնութիւններ պիտի թուին ըլլալ այս տողերը, որովհետեւ այս բոլորին մասին ամէն առիթով արդէն մտահոգ գրիչներ ըսած, գրած, մատնանշած եւ թելադրած էին: Նաեւ` զգուշացուցած:
Ուրեմն «ասոնք» նորութիւններ չէին:
Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կորսնցուցինք մեր ներքին անդորրութիւնն ու հոգեկան խաղաղութիւնը:
Բայց… եւ որովհետեւ, ինչպէս միշտ, դարձեալ հայրենիքը բաբախած է սրտիս, կրկնութեան գնով կ՛ուզեմ ըսել եւ գրել, որ բոլորին նման` ես ալ զարմացած եմ: Տարօրինակ զգացում: Որովհետեւ տեսանելի է ազգային մեր ներկայ կեանքի խառնաշփոթ վիճակը: Ի՞նչ անունով կարելի է մկրտել մեր երկրի ներկայ կացութիւնը: Ամէն բան խառնակ, անստոյգ եւ շփոթ` գլխու պտոյտ տալու աստիճան: Տեսակ մը ներքին վախէս հոգիս պաշարուած է երկիւղով: Ամբողջ տարին, փոխանակ երկրի սահմաններու ամրապնդումը եւ յատկապէս մեր բանակը կարգի բերելու, մեր ձեռքերով, մեր արարքներով, մեր «գործերով» եւ խօսքերով յաճախ աղէտաբոյր ախորժակներու ճիրաններու մէջ պահեցինք մեր հայրենիքը ու զայն կրկին անգամ նետեցինք կեղտոտ ներքին քաղաքական խաղերու ցեխին մէջ:
Բայց… ո՞վ եմ ես, որ այսքա՜ն համարձակ եւ հրապարակային կրնամ փռել մեր ներքին «լուացքը»: Ըսեմ հպարտօրէն: Ես ալ հայ մըն եմ: Սփիւռքահայ մը, եթէ կ՛ուզէք, որուն համար գլխաւորը այն է, որ իր միակ հայրենիք Հայաստանը յատկապէս այս օրերուն չկորսնցնէ իր հայկական եւ ազգային նկարագիրը: Իր հողը: Իր հաւատքը: Իր մշակոյթը եւ մանաւանդ իր լեզուն:
Այս տարրերն են, որ հայը հա՛յ կը պահեն: Չմոռնանք: Ու եթէ գտնուի այս տարրերը պահող-պահպանող ղեկավար մը, մենք բոլորս ալ իր առաջ ծունկի կու գանք եւ երախտապարտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Այս բոլորը կրկնելով կ՛ըսեմ, որովհետեւ անձնապէս թէեւ պարզ, համեստ, հայ «գաղթական» մըն եմ, որ հայրենիքէն ակամայ հեռու կը բնակի, եւ սակայն իմ հայրենիքս իմ օրացոյցս դարձուցած եմ:
Վերջապէս, սովորական հայ մըն եմ, որ կը գիտակցի իր ազգի ճակատագրի ճարպիկ եւ սակայն վտանգաւոր խաղերուն: Այս բոլորին համար գուշակ ըլլալու կարիքը չկայ, որովհետեւ այս օրերուն աշխարհը մեզի կը բացուի եւ կը ժպտի համակարգիչի բառերով եւ կայքերու ճամբով:
Անոր համար բոլորին անհամար հարցումներ ունիմ: Եւ որովհետեւ անցեալ տարի պատասխան մը չունեցայ, այս օրերուն կրկին կը փորձեմ հարցնել: Թերեւս այս ընթացքով այս տարի ալ բոլոր հարցումներուս պատասխանները դարձեալ չգտնեմ եւ կամ չունենամ: Ի՞նչ ընեմ: Յանցանքը իմս չէ:
Նախ ըսեմ, որ ամբողջ հին տարին, շնորհիւ այդ անիծեալ «քորոնա» ժահրի երկար եւ անհամ ներկայութեան, աշխարհը շարունակեց մնալ հիմնովին ու բոլորովին անախորժ «ծանօթ» մը: Ճիշդ է, որ այս գեղեցիկ երկրագունդին վրայ ամէն ինչ կարգին չէր եւ նոյնիսկ չեղաւ: Խառնակ վիճակ: Տեսանք, թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը շատ յաճախ եւ օր ցերեկով բռնաբարեցին: Որովհետեւ շատ պարզ է: Ճշմարտութիւնը միշտ «մերկ» եւ «գեղեցիկ» եղած է:
Բայց չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ ու սպասել, որ այս արդարութիւնը յաղթէ: Ամէն մարդ արդարութեան վերահաստատման համայնական սպասումի մէջ է: Մենք ազգովին քաղաքացիական պարտքի բարձր գիտակցումով պարտինք անոր նպաստել: Անոր ճամբան հարթել: Տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս մեծ ու փոքր ազգեր անվերջ կը զինուին: Կը զինուին, որովհետեւ գալիք օրերը անստոյգ են իրենց համար: Լոյսէն եւ իրականութենէն խոյս տուող մարդկութիւն դարձած ենք… կարծես: Կը ծամենք եւ կ՛որոճանք մեզի հրամցուած լուրերն ու մեր մասին տրուած որոշումները` առանց անոնց աղբիւրը քննելու: Կարծես զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ ու չենք գիտեր` որո՞ւ դէմ բարձրացնել բողոքի դրօշը:
Մեր բոլոր հարցերուն լուծումները մեր մօտ են եւ ո՛չ օտարին: Ուստի պէտք է վերանորուգուիլ, շեշտած էինք միշտ: Աւելի՛ն. ժամանակը եւ մենք նոյնանալն է կարեւորը: Մեր մտքի եւ աչքի պատուհանները լայն բանալ եւ միեւնոյն ատեն թօթուել մեր էութիւնները եւ վերագնահատել մեր կեանքը:
Ազատ եւ անկախ հայրենիք մը ունենալն ու պահելը պէտք է արթնցնեն ցեղին ոգին:
Մէկ օրուան յաղթանակով ուրախացող չմնանք: Այս հարցերուն մօտենալու քաջութիւնն է էականը, որպէսզի մեր երկիրը յետխորհրդային երկիր չդառնայ, չշարունակէ մնալ: Չդասուի: Ըլլայ «նորմալ» երկիր, ինչպէս որ Երեւանի մեր հայրենակիցները իրենց բերնին ծամոն դարձուցած են:
Շատերու համար Հայաստանը տակաւին խորհրդային տարիներու բեռը չէ կրցած թեթեւցնել: Ակներեւ են` կաշառակերութիւնը, օրէնքներու խախտումը, օրէնքներու իսկական եւ համահաւասար գործադրումը եւ մանաւանդ նախկին թանձրացած մտածելակերպն ու վարուելակերպերը: Մէկ խօսքով` օտարամուտ կենցաղը:
Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ մեր մտքերու խաղաղութիւնը կը փնտռենք: Տակաւին աւելցնեմ` սփիւռքի մասին մտածող ալ չկայ:
Լա՛ւ յիշեցէ՛ք, որ սփիւռքը երկար չի կրնար ապրիլ առանց հայրենիքի:
Նայինք` 2022-ին ի՜նչ «լուծումներու» պիտի կարենաք հասնիլ եւ ի՜նչ անակնկալներու պիտի հանդիպինք:
Աստուած գիտէ՛ ու նաեւ` մենք: