ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Մայք Յակոբեանին ծանօթ եմ իր աշակերտական տարիքէն, Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի սան եղած շրջանէն: Բարեկիրթ, հպարտ, ինքնավստահ եւ կոկիկ պատանի մըն էր ան: Մեծերը յարգող, ընկերասէր ու շրջանակին ծառայող ՀԲԸՄի աշխոյժ անդամ մըն էր:
Մայքին ծնողները եւս շատ բարեկիրթ մարդիկ էին: Հայրը բարձրագոյն ուսում ունեցած չըլլալով հանդերձ՝ բանաստեղծութիւններ կը գրէր թրքերէն եւ հայերէն լեզուներով: Իսկ Մայքին մեծ հայրը (մօրը հայրը)՝ Աշուղ Խաչեր, ծանօթ աշուղ մըն էր. առանց իր ներկայութեան ու երգին, գիւղին մէջ ո՛չ հարսանիք, ո՛չ ալ ուրախ առիթ կ՛ըլլար: Այսպիսի արուեստասէր ծնողքէ եւ մեծ ծնողքէ սերած Մայք եւս փոքր տարիքէն իսկ տաղաչափեալ եւ արձակ գրութիւններ սկսած է գրելու:
Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ կը հրատարակուէր «Նուիրում» անունով գրական եռամսեայ կամ վեցամսեայ պարբերական մը, որուն մէջ աշակերտներու գնահատելի գրութիւններ լոյս կը տեսնէին: Խմբագիրն էր հայերէն լեզուի սիրուած ուսուցիչ՝ հանգուցեալ Օննիկ Սարգիսեանը:
Օր մը, պրն. Սարգիսեան ուսուցչարանին մէջ Մայք Յակոբեանի մէկ գրութիւնը կարդաց: Մայքը հինգ մեծադիր էջ (իւրաքանչիւրը՝ տետրակի մը երկու էջերու չափ) շարադրութիւն գրած էր՝ գլուխէն ինկած մէկ թել մազին մասին: Պրն. Սարգիսեան, կարդալէն ետք ըսաւ. «Կրնա՞ք երեւակայել ի՛նչ տաղանդ է ասիկա, գրել հինգ մեծադիր էջեր՝ մէկ թել մազի մասին, այդ ալ՝ այսքա՛ն գեղեցիկ, համով-հոտով, անխառն հայերէնով (առանց թրքերէն բառեր եւ արտայայտութիւններ գործածելու). ատիկա իրապէս տաղանդ է»: Այդ գրութիւնը լոյս տեսաւ «Նուիրում»ին մէջ: Անկէ ետք Մայք գրողներու շարքին դասուելու սկսաւ, քանի որ իր մէկ գրութիւնը արդէն իսկ տպագրութեան արժանացաւ:
Մայքը արուեստի ուրիշ հետաքրքրութիւն մըն ալ ունէր՝ նկարչութիւնը: Հիմա, երբ կը վերյիշեմ «Յովակիմեան-Մանուկեան»ի ուսուցիչները, իրապէս կը հիանամ անոնց վրայ եւ կը խոնարհիմ իրենց յիշատակին առջեւ: Նկարչութեան ուսուցիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանը ինքնին մեծ արուեստագէտ մըն էր: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, ի՞նչ կ՛ընէր, որ աշակերտները այնքա՛ն լրջութեամբ կը հետեւէին գծագրութեան պահուն: Նոյնն էր պարագան երգի ուսուցիչ Մինաս Գանգրունիի, որ իրապէս երգարուեստի գիտելիքներու ովկիանոս մըն էր. աշակերտները մեծագոյն հաճոյքով կը հետեւէին իր եւ Վազգէն Թիւթիւնճեանի դասերուն:
Այս երրորդութեան եւ յատկապէս հայերէն լեզուի տիտաններէն՝ բանաստեղծ Վահէ Վահեանի շունչին տակ մեծցած, գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Թօփճեանի, Մայք Յակոբեանի գրելու ու մանաւանդ գծելու ձիրքերը մշակուեցան, ժամանակի ընթացքին իրեն մէջ դրուած հունտերը աճեցան, եւ ահա՛ այս գիրքին մէջ կը տեսնենք անոնց պտուղները:
Նախքան գիրքի բովանդակութեան անցնիլը, յիշեմ այս գիրքին մասին հեղինակին տարօրինակ որոշումները։ Այս ծախսալից հատորը տպուած է սահմանափակ թիւով. ծախու չէ. հեղինակը որպէս նուէր կու տայ իր մօտիկ բարեկամներուն: Այս գիրքը տպուած է իր անձնական միջոցներով, առանց ոեւէ մէկուն օժանդակութեան: Իսկ մենք գիտենք, որ Մայք մեծահարուստ մը չէ…
Ինչպէս ըսինք, գիրքը ծախու չըլլալով, հեղինակը կը մերժէ ուղղակի կամ անուղղակի նուէր ստանալ կամ այդ գումարը հաստատութեան մը նուիրել:
Հեղինակը կը մերժէ այս գիրքին գինեձօն ընել:
Հեղինակը այս գիրքը կը նկատէ համեստ հրատարակութիւն մը, հետեւաբար՝ անոր մասին գրախօսական գրելն ալ իր համեստութիւնը կը վիրաւորէ: (Այս գրութիւնը գրուած է հակառակ իր ցանկութեան եւ գրախօսական մը չէ, այլ՝ ողջունագիր մը):
Մայք Յակոբեան, այս գիրքին մէջ տեղ գտած նկարներով եւ բանաստեղծութիւններով, երբե՛ք յաւակնութիւն չունի նկարիչի կամ մեծ գրողի մը հովեր առնելու: Իսկ մեր կարծիքով՝ այս գիրքին մէջ գնահատանքի արժանի քանի մը առանձնայատկութիւններ կան:
Արդարեւ, «Իմ Երգերը» խորագիրը կրող այս հատորը գունագեղ, որակաւոր տպագրութեամբ ու արուեստի բարձր մակարդակով զարդարուած էջերով պատրաստուած 130 էջնոց գիրք մըն է: Որպէս նախաբան, «Նոր Հայաստան»ի աշխատակից Սարգիս Մաճառեան նախ պատշաճ ձեւով կը ներկայացնէ հատորը, ապա հարցազրոյցով մը՝ հեղինակը:
Կլենտէյլի «Երեւան» տպարանէն լոյս տեսած այս գիրքին մէջ զետեղուած են հեղինակի երգերուն բառերն ու գեղատեսիլ, առինքնող նկարներ: Իրապէս գնահատելի է այն, որ Մայք Յակոբեան թէ՛ գրելու, թէ՛ նկարելու եւ թէ երաժշտութեան տաղանդը զարգացուցած է ինքնուս, առանց արհեստավարժ դպրոցներ յաճախելու:
Ինչպէս նկարչութեան, այնպէս ալ իր բանաստեղծութեան նիւթերն են բնութիւնը, մարդը, մարդկային յարաբերութիւնը, Մայր հայրենիք, հայ մշակոյթ ու լեզու եւ վերջապէս՝ սէր… Նկարները՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ, կարծէք տարիներու փորձառութեամբ հասունցած նկարիչ մը ըլլար ան, հակառակ անոր, որ այդ գրութիւններէն ու նկարներէն յաջող գործերը գծած կամ գրած է իր երիտասարդական կանուխ տարիքին: Յետագային ան սկսած է գրելու նաեւ անգլերէնով (Live Your Day), (Victims of the World), (You Never Know). այս գործերը եւս գրած է երիտասարդական վաղ տարիներուն (20-21 տարեկանին):
Իւրաքանչիւր նկարի հետ գեղեցկօրէն կցած է իր մէկ բանաստեղծութիւնը:
Մայքի երգերէն ոմանք («Իմ անուշ եար», «Քեզ չեմ ներիր», «Պէտք է գնալ Երեւան» եւ այլն) յօրինուած են նոյնինքն Մայքի եւ իր դասընկեր Յարութիւն Սարգոյեանի կողմէ։ Նկարներուն մէջ Լիբանանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու բնական տեսարանները վարպետ վրձինահարումով գեղեցիկ գործերու վերածած է ան:
æերմօրէն կը շնորհաւորեմ Մայք Յակոբեանը այս գեղեցիկ հատորին համար եւ հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրեն՝ ինծի ղրկած ու մակագրուած հատորին համար:
Երիտասարդական աւիւնով, նուիրումով ու եռանդով օժտուած Մայքը իրաւունք չունի չգրելու, չնկարելու, չերգելու եւ չարարելու. ատիկա մեղանչում պիտի ըլլայ բնութեան եւ Աստուծոյ դէմ, որոնք բազում տաղանդներով օժտած են զինք:
Գրիչդ ու վրձինդ դալար, սիրելի՛ Մայք: