Շատեր փորձած են վերլուծել կամ հիմնաւորել Սփիւռք – հայրենիք փոխյարաբերութիւններուն խորքը եւ աշխատանքի դրոյթները: Իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն դիտելով, իւրովի կը մեկնաբանէ զայն: Նախ պարզենք, երբ եւ ինչպէ՞ս զարգացան Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւնները: Այս երեւոյթը յայտնապէս կազմաւորուեցաւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին եւ դարձաւ Սփիւռքի համախմբման առանցը: Արեւմտեան Հայաստանէն բռնագաղթի ենթարկուած, Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ ժողովուրդի զաւակները, ապագայի յոյսով փորձեցին համախմբուիլ առանցքի մը շուրջ: Այդ առանցքը բնականաբար պիտի ըլլար հայրենիքը: Հայրենիքի հետ հաղորդացութիւնը նոր էջ մը բացաւ տարասփիւռ հայերուն առջեւ: Աստիճանաբար սկսան զարգանալ Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւնները: Սակայն դժբախտաբար անոնք զգեցան քաղաքական բնոյթ: Յարաբերութիւններու սերտացումը եւ պահպանումը դարձաւ Խորհրդային Հայաստանին շուրջ համախմբուած ուժերուն գլխաւոր նպատակակէտը, մինչ սփիւռքեան հատուած մը, միանալով արեւմտեան շրջանակներուն, իր գործունէութեան առանքը դարձուց խորհրդային Հայաստանի դէմ պայքարը, հետապնդելով Խորհրդային Հայաստանը «ազատագրելու» եւ զայն արեւմտեան առանցքին միացնելու գաղափարը: Պէտք է ընդունիլ, որ Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւնները մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը կը կրէին գաղափարական, քաղաքական եւ դասակարգային բնոյթ: Պայքարը՝ Արեւելք-Արեւմուտք գաղափարներու պայքար էր:
Հայաստանի անկախութենէն ետք այս հասկացողութիւնը յեղաշրջուեցաւ: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, Մեծ Երկրաշարժը, Ատրպէյճանի դէմ պատերազմը համախմբեց համայն հայ ժողովուրդը: Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Սփիւռք- հայրենիք առանցքը դարձաւ համայն հայ ժողովուրդի համախմբող յայտարարը: Սակայն ժամանակ մը ետք, ազատ շուկայական յարաբերութիւններու բերումով՝ հայրենի ժողովուրդին մօտ ընկերային-տնտեսական բեւեռացումը յանգեցուց քաղաքական նոր հոսանքներու կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ իշխանութեան հասնելու պայքարին: Ճիշդ այս պատճառով ալ, հայրենիքի շուրջ համախմբուելու առանցքը դարձեալ վերադարձաւ քաղաքական, գաղափարական, ընկերային պայքարի նախկին սկզբունքին: Համազգային արժէքներ իրենց դիրքը զիջեցան քաղաքական պայքարին: Սփիւռքի մէջ ձեւաւորուեցաւ նոր մթնոլորտ: Հայաստանէն արտագաղթող մեր հայրենակիցները, Սփիւռքի մէջ սկսան տարածել իշխանութիւններու հանդէպ իրենց քաղաքական դրսեւորումները: Աստիճանաբար փոփոխութեան սկսաւ ենթարկուիլ դասական Սփիւռք հասկացողութիւնը: Ինչպէ՞ս մեկնաբանմել այսօրուան Սփիւռքը: Ո՞վ կը ներկայացնէ այսօրուան Սփիւռքը Ռուսիա բնակող երկու միլիոն հայերը, Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայերը, Միջին Արեւելքի հայերը եւ տակաւին…. եւ ին՞չ է զանոնք միացնող յայտարարը, երբ Հայաստանի պետութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը իր անմիջական անդրադարձը կ’ունենայ Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւններուն վրայ:
Բայց արդեօ՞ք զանազանութիւն պէտք չէ դնել ՝ Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւններուն, միւս կողմէ՝ Սփիւոք- Հայաստանի պետականութիւն հասկացողութիւններուն միջեւ, այլապէս՝ Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւնները դատապարտուած պիտի մնան պետականութեան գաղափարախօսութեան, անոր քաղաքական եւ ընկերային կեցուածքներէն:
Սփիւռք- հայրենք յարաբերութիւնները եթէ կը դիտուին Սփիւռքի կողմէ հայրենիքին տնտեսապէս օժանդակելու միջոց , այս մէկը ուրեմն անհրաժեշտ է դիտել Սփիւռքի եւ Հայաստանի բարեգործական կառոյցներու, գործարարներու, բարեգործներու, բարեգործական հիմնադրամներու միջեւ յարաբերութիւններու ձեւաչափով: ԱյդպԷ՞ս է արդեօք: Ամենեւին: Մենք շատ աւելի մխրճուած են Սփիւռք- հայաստանապետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ: Եթէ առաջինը զուտ բարեգործական կամ բարեսիրական յարաբերութիւն է, ապա երկրորդը՝ քաղաքական: Յարաբերութիւնները երկուստեք հիմնուած են քաղաքական հիմքերու վրայ: Հիմնաւորելով վերջին կէտը, Հայաստանի իշխանութիւնները լաւատեղեակ են, թէ Սփիւռքը չի կրնար ներկայանալ միակարծիք, միակուսակցական, քաղաքականապէս մէկ միաւոր: Սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստան հաշուի կ’առնէ Սփիւռքի բազմատեսակ քաղաքական եւ հասարակական ուժերու փաստը: Ճիշդ պիտի չըլլա՞ր արդեօք Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները հեռացնել քաղաքական փոխյարբերութիւններու ոլորտէն:Բարեսիրական ծառայութիւնները պետական ոլորտի լծակներով հետապնդելու իրողութիւնը, աշխարհաքաղաքական զարգացումի որեւէ մէկ պահուն նոր դժուարութիւններ կրնայ յարուցել Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւններուն:Նախընթացներ ունինք ոչ հեռու անցեալէն…: Աւելի գործնական պիտի չըլլա՞ր արդեօք, պետական լծակներէն հեռու՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջեւ ուղղակի յարաբերութիններու դրութեան մը ստեղծումը:
Կարեւոր պարագայ մըն է նաեւ Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւններուն իրաւական սկզբունքին ճշդումը: Իբրեւ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւն՝ Հայաստանի կեանքին մէջ ինչպիս՞ի դերակատարութիւն վերապահուած է Սփիւռքին: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը մնայուն կը խօսքին Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւններու մասին, բայց ին՞չ օգուտ, երբ արտասահմանի հայը կը զրկուի ամենատարրական , բայց ամենակարեւոր՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն: Պետութեան աջակցիլը մէկ բան է, իսկ քաղաքական դիրքորոշումները կիսելը՝ այլ: Ողջունելի է հայրենիքին օգնելը, անոր ժողովուրդին ու տնտեսութեան վիճակը զարգացնելը, բայց բոլորովին տարբեր հասկացողութիւն է պետութեան կամ անոր քաղաքական կուսակցութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ աշխարհայեացքները կամ դիրքորոշումները համընկնելու երեւոյթը: Այս ծիրին մէջ, ին՞չ անպատեհութիւն եթէ հայրենիքի մէջ գործող կուսակցութիւնները յարաբերին Սփիւռքի մէջ իրենց համակրող կամ գաղափարապէս մօտ կուսակցութիւններուն հետ:
Սփիւռք – հայրենիք փոխյարաբերութիւնները շատ աւելի խորունկ են, քան՝ այն ինչ կը տեսնեք ու կ’ապրինք այսօր: Մեր յօդուածը երբեք չի միտիր քննադատութիւն տեղացնել հայրենի իշխանութեան մէջ գործող պաշտօնակատարներուն հասցէին: Կը հաւատանք, որ խօսիլը շատ աւելի դիւրին է, քան՝ գործելը: Դժուարը գործելն է՝ թերութիւնները սրբագրելը: Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւնները իր ներկայ վիճակին մէջ վերածուած է «քիչ մը ամէն տեսակ» յարաբերութիւններու խառնարանի մը: Ժամանակավրէպ այս գործելաոճը կը կարօտի նոր շունչով վերանայելու անհրաժեշտութեան: Անհատները կը կրեն պարագայական բնոյթ: Ենթականեր՝ որքան ալ երկար մնան իրենց պաշտօններուն վրայ, ի վերջոյ պիտի մեկնին: Կառոյցները մնայուն են եւ պիտի յարատեւեն: Ժամանակին երազային էր ազատ, անկախ Հայաստանը: Այսօր՝ իրականութիւն: Բայց ակամայ պատճառներով, մէկ Հայաստանի փոխարէն, տարբեր ափերու տակ փոքր Հայաստաններ ստեղծուած են այսօր, երբ ոչ ոք կրնար հաւատալ տակաւին քսանամեակ մը առաջ…: Մենք, Միացեալ եւ մէկ Հայաստան կերտելու տեսլականով կը յայտնենք մեր ցաւերը: Ձեւական ու պճնուած ծրագիրներ չեն կրնար յարատեւել եւ պիտի չնպաստեն Սփիւռք- հայրենիք յարաբերութիւններուն: Անհրաժեշտ սրսկել նոր շունչ եւ մշակել նոր պահանջներու համապատասխան քաղաքականութիւն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ